2012-10-10 12:46:43

Գաղթական Սուրիահայերու Համար Օժանդակութիւն եւ Նախաձեռնութիւն.


Երկուշաբթի, 8 հոկտեմբերին , հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ գումարուեցաւ ժողով մը, որուն ներկայ գտնուեցան համայնքի անձնաւորութիւններ, ուսումնասիրելու համար սուրիահայ գաղթականներու իրավիճակը եւ անոնց կեցութիւնը Լիբանանի մէջ: Ժողովը քննարկեց ներկայ պայմանները եւ հնարաւորութիւնները, ապահովելու համար անոնց բնակչութեան, աշխատանքի եւ դպրոցական կարիքները երբ հարկ ըլլայ: Այս ուղղութեամբ որոշուեցան կարգ մը միջոցառումներ, որոնք նախապատրաստական հանգրուանի մէջ են:
Զուգահեռ այս ընթացքին, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնը պիտի ձեռնարկէ գեղարուեստի ձրի դասընթացքներու եւ մարզական ժամանցի միօրեայ յայտագրի մը, Լիբանանի մէջ ապաստանող սուրիահայ մանուկներուն համար, նպաստելու համար անոնց բարոյա-հոգեբանական վիճակի կազդուրման։








All the contents on this site are copyrighted ©.