2012-10-09 13:11:58

Նոր Աւետարանցումի Սիւնհոդոսական Նիստի Երկրորդ Օր։


7 - 28 հոկտեմբեր վատիկանի մէջ գումարուած տիեզերական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսական նիստերու աշխատանքները սկիզբ առին երէկ երկուշաբթի 8 հոկտեմբերի առաւօտեան, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի աւետարանութեան մասին ներակայացուցած աստուածաբանական խորհրդածութեամբ որուն ընթացքին Ան զգուշացուց քրիստոնեաները <<գաղջութեան>> հետեւանքներէն։ Քրիստոնեան գաղջ չի կրնար ըլլալ -ըսաւ Սրբազան Հայրը- ակնարկելով յայտնութեան գիրգին <<որ մեզի կը յայտնէ թէ գաղջութիւնը քրիստոնեային ամէնէ մեծ վտանքն է>> ու աւելցնելով թէ <<միայն սիրոյ ճրագը վառելով է որ կը յառաջանայ աւետարանացումը եւ աւետարանի ներկայութիւնը, որ միայն խօսք մը չէ այլ ապրուած իրականութիւն։ >>
Նշենք որ վերոյիշեալ Սիւնհոդոսին հրաւիրուած են նաեւ Քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէ` Գեւորգեան Համալսարանի տնօրէն Արհիապատիւ Գէւորգ Սրբազան Սարոյեանը իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ սիւնհոդոսին ներկայ կը գտնուի Հայր Մասիս Զօպուեան` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան քրիստոնէական դաստիարակութեան մասնաճիւղի տնօրէն։
8 Հոկտեմբերի յետ միջօրէի աշխատանքները շարունակուեցան հինգ ցամաքամասերու ներկայացուցիչներու զեկոյցներու ելոյթով։ Առաջին զեկուցողն էր Եւրոպական ցամաքամասի ներկայացուցիչ Պուտապեշտի Արքեպիկոպոս` Կարդինալ Բիթէր Էրտօ, ապա խօսք առաւ Տար Էլ Սալամի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Բոլիգարբ Բէնկօն ներկայացնաելով Ափրիկեան ցամաքամասի եկեղեցւոյ դիմագրաւուած մարտահրաւէրները։ Խօսք առաւ հուսկ գերապայծառ Ագուիար Րէթէս որ ակնարկեց Ամերիկեան ցամաքամասի եկեղեցւոյ ապրած իրողութեան։ Ասիական ցամաքամասի որպէս ներկայացուցիչ ելոյթ ունեցաւ Կարդինալ Ոզվալտ Կարսիան ու ի վերջոյ գերապայծառ Ժոն Աչէրլէյ Տիու` անդրադրձաւ Ովկեանեան ցամաքամասի եկեղեցւոյ իրավիճակի մասին։ 5 զեկոյցներն ալ ներկայացուցին եկեղեցւոյ դրական ու ժխտական երեւոյթները նոր աւետարանցումի լոյսին տակ, ընդգծելով, նա մանաւանդ, որոշ վայրերու մէջ քրիստոնեաներու ապրած դժուարութիւնները ու անոնց դէմ կատարուած հալածանքները։
Ամէնքն ալ հաստատեցին թէ այսօր աւելի քան երբէ՜ք քրիստոնեաներն ու եկեղեցին կարիքը ունին նոր աւետարանցումի եւ Յիսուսի հետ հանդիպումի վերանորոգման։
Սոյն ելոյթներէն ետք սկիզբ առաւ ընդհանուր բանավէճը որ այսօր - երեքշաբթի 9 Հոկտեմբերին - սիւնհոդոսական առաւօտեան նիստի աշխատանքներու օրակարգով ( 9 -12) շարունակուեցաւ՜ Նշենք որ այս առթիւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթոպիկոս - Պատրիարք Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ ժոպովկաններուն ներկայացուց հայ ազգի քրիտոնէացման հանգրուաններն ու Աւետարանի հանդէպ ունեցած անոր հաւատարմոթւինը։ Յետ միջօրէի ժամը 17.30 Եպիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչը Կարդինալ Մարք Ուելլէն ժողովականներուն կը ներկայացնէ 2008-ի գումարուած եպիսկոպոսական ԺԲ սիւնհոդոսի յետ սիւնհոդոսական << Verbum Domini>> յորդրագիրի տեղեկագրական զեկոյց մը որմէ ետք նախատեսուած են ազատ միջամտութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.