2012-10-09 13:21:49

14 Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի Հայրեր Կը Մասնակցին Հաւատոյ Տարուայ Բացման Արարողութեան։


Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի (1962-1965) մասնակցող, վերապրած 70 հայրերէն 14-ը` յառաջիկայ 11 հոկտեմբերին պիտի մասնակցին Հաւատոյ Տարուայ բացման արարողութեան որ տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի Սուրբ Պեատրոս Մայր տաճարին մէջ եւ որուն պիտի նախագահէ Պենետիկստոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը։ Վատիկանեան տիեզերական ժողովի հայրերը յաջորդ օրը հանդիպում պիտի ունենան Պենետիկստոս ԺԶ Սրբազան Հօր հետ, նշենք թէ Սրբազան Քահանայապետը եւս մասնակցած էր վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովին։
Ըստ Սուրբ Աթոռի գրասենեակի հրատարակած հաղորդագրութեան 11 հոկտեմբերի պատարագին 12 հայրերը պիտի համապատարագեն Սրբազան Հօր հետ։ Անոնցմէ ամէնէ տարեձը 97 տարեկան է եւ իտալիոյ Չէրրէթօ թեմի երբեմնի արքեպիսկոպոսը եղած` գերապայծառ Լէօնարտօ ֆէլիչէն է ։ Իսկ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի (1962-1965) մասնակցող ու տակաւին ապրող ամէնէ տարեձ հայրը 102 տարեկան է, Կանացի Ժոզէֆ Պօուերզ եպիսկոպոսը։11 հոկտեմբերի արարողութեան ընթացքին նախատեսուած է նաեւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Յոյն Օրթոտոքս պատրիարք Բարդողոմէոս Ա-ի ելոյթը։








All the contents on this site are copyrighted ©.