2012-10-08 13:02:33

Տիեզերական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ԺԳ Սիւնհոդոսի Աշխատանքներու Առաջին Օր։
«Նոր աւետարանացումը քրիստոնէական հաւատքի փոխանցումի ի սպաս»:


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի արարողութեամբ կիրակի 7 հոկտեմբերին, պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ԺԳ Սիւնհոդոսին որ ունի որպէս նիւթ «Նոր աւետարանացումը քրիստոնէական հաւատքի փոխանցումի ի սպաս»:
3 շաբաթ տեւող այս նիստերու ընթացքին 262 սիւնհոդոսական հայրեր ու այլ հիւր մասնակիցներ եւ մասնագէտներ միասնաբար պիտի խորհրդակցին Նոր աւետարանութեան նիւթին շուրջ։

Եկուշաբթի 8 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9-ին վատիկանի սիւնհոդոսական սրահին մէջ սկիզբ առին սիւնհոդոսական գործնական աշխատանքները Սրբազան Քահանայապետի ներկայութեամբ ու Անոր ՙաւետարանութեան՚ նիւթին մասին ներկայացուցած Խորհրդածութեամբ։ Սիւնհոդոսի բացման խօսքը արտասանեց, Սրբազան Քահանայապետի կողմէ անուանուած, Սիւնհոդոսի պատգամաւոր Նախագահ` Հոնգ Գոնկի եպիսկոպոս` Ճոն Թոնկ Հոն Կարդինալը որ, յանուն Սիւնհոդոսական հայրերուն երախտագիտութեան զգացումներ յայտնեց Սրբազան Հօր, Նոր Աւետարանութեան նիւթով Սիւնհոդոսական այս նիստին համար։ Ծիրանաւորը ապա անդրադարձաւ <<աւետարանութեան>> նիւթին մէջբերելով Չինաստանի համայնավար վարչաձեւի տակ ապրուած փորձառութեան օրինակներ հրաւիրելով ներկաները ըլլաու <<հաւատքի եռանդուն վկաներ>>։

Ապա խօսք առաւ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսական ժողովի ընդհանուր քարտուղարը գերապայծառ Էթէրովիչը որ իր խօսքին մէջ նշեց սիւնհոդոսի կարգախօսը <<գացէք ուրէմն եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը եւ մկրտեցէք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։ Սորվեցուցէք անոնց պահել ինչ որ ես պատուիրեցի ձեզի եւ ես ահաւասիկ ձեցի հետ եմ ամէն օր` մինչեւ աշխարհի կատարածը (Մատթ. 28, 19-20)>>։
Հակիրճ դադարէ ետք խօսք առաւ Վաշէնկթոնի Արքեպիսկոպոս` Գերապայծառ Տոնալտ Ուիլլիամ Վուրլը` սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցողը, ներկայացնեով
<<քննարկումէ առաջ տեղեկագիր>>ը։<<Քննարկումէ առաջ տեղեկագիր>>ի ներկայացումէն աւարտին տեղի ունեցան ազատ ելոյթներ։
Յետ միջօրէին աշխատանքները (16.30 - 19.00) կը շարունակուին հինգ ցամաքամասերու ներկայացուցիչներու զեկոյցներու ելոյթով որմէ ետք սկիզբ կը տրուի ընդհանուր բանավէճին։








All the contents on this site are copyrighted ©.