Վերջ Գտաւ Լրագրողներու Համահայկական 6¬րդ Համաժողովը ՝՝Հայաստանի, Հայութեան Եւ Հայ
Դատի Համազգային Շահերուն Ի Խնդիր Ծառայելու Առաջադրանքով՝՝։
6 հոկտեմբերին եզրափակուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան կազմակերպած «Հայոց Ցեղասպանութեան
100-րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրը կրող Լրագրողների համահայկական 6-րդ համաժողովը:
Համաժողովի մասնակիցները Աղաւնաձորի մէջ եզրափակեցին ժողովը եւ հրապարակեցին յայտարարութիւն
մը։:
Ապա անոնք առիթը ունեցան այցելելու Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարման
կարեւորագոյն կառոյցները եւ ծանօթանալու Հայաստանի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմինների գործունէութեան:
Լրագրողներուն կ՛ընկերակցէր սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ երեք տարբեր կառոյցներ
տրուած այցելութեան ընթացքին արտասանած ողջոյնի եւ շնորհակալական խօսքին մէջ ամփոփ ձեւով
անդրադարձաւ լրագրողներու համաժողովի գործունէութեան: Արդարեւ, աշխարհի չորս ծագերէն,
Հայաստանի մէջ համախմբուած լրագրողները այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան
նախարարութիւն եւ հանդիպում ունեցան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ: Ողջունելով
զանոնք` նախարարը բարձր գնահատեց սփիւռքահայ լրագրողներու աւանդը Հայոց Ցեղասպանութեան
ճանաչման եւ հայկական տարբեր հարցերու հետապնդման իմաստով: «Կը կարծեմ, որ այս համաժողովը
մեծ կարեւորութիւն ունի: Ցեղասպանութեան ճանաչումը մեր ժողովուրդին եւ հանրապետութեան
ղեկավարութեան առաջնահերթ հարցերէն է: Անիկա ո՛չ միայն անհրաժեշտ է լոկ մեր ժողովուրդին,
այլ նաեւ համայն հանրութեան` այսօր եւ հետագային նմանաբնոյթ ոճրագործութիւններէ խուսափելու
համար», նշեց Ս. Օհանեան:
Խօսելով Հայաստանի զինեալ ուժերու մարտունակութեան մասին`
Սէյրան Օհանեան հաստատեց, որ աշխատանք կը տարուի ունենալու պատրաստ ու չափազանց մրցունակ
բանակ, որ կարողութիւն ունի իր դիմաց դրուած բոլոր մարտահրաւէրները շրջանցելու եւ որեւէ
կացութեան հակազդելու: Ան կոչ ուղղեց աշխարհասփիւռ լրագրողներուն գործելու այնպէս, որ
նպաստեն Հայաստանի պաշտպանութեան համակարգի ամրապնդման` դիտել տալով, թէ ներկայիս Հայաստանի
դիմագրաւած դժուար վիճակին դէմ յանդիման կանգնելու եւ խոչընդոտները յաղթահարելու իմաստով
մեծ է լրագրողներուն դերակատարութիւնը:
Ապա լրագրողները այցելեցին Հայաստանի Ազգային
Ժողով, ուր զիրենք ընդունեց Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով, որ կարեւոր
նկատելով սփիւռքեան մամուլի դերը սփիւռքի մէջ ապրողներուն աշխարհայեացքի ձեւաւորման
ծիրին մէջ` դիտել տուաւ, թէ բազմաթիւ հերոսներ սփիւռքեան մամուլին շնորհիւ դաստիարակուած
են իբրեւ հերոս: «Այսօր բազմաթիւ են մարտահրաւէրները, եւ մենք միասնական պէտք է ըլլանք`
դիմակայելու զանոնք եւ հասնելու Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ժխտողականութեան դատապարտման»,
նշեց Է. Շարմազանով` դիտել տալով, որ սփիւռքի լրատուամիջոցները ազգային ոգիի, լեզուի
ու մշակոյթի պահպանման, համահայկական խնդիրները նաեւ միջազգային հանրութեան պատշաճ կերպով
ներկայացնելու իմաստով մեծ ներդրում ունին: Ան ներկայացուց Ազգային ժողովի կառուցուածքն
ու օրէնսդիր մարմնի գործունէութեան ուղղութիւնները:
Անկէ ետք լրագրողները ուղղուեցան
Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն, ուր շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցան նախարար
Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, որ նշեց, թէ սփիւռքահայ լրատուամիջոցները մեծ դեր ունին հայրենիք-սփիւռք
կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան աշխատանքներուն մէջ: Պատասխանելով
լրագրողների հարցումներուն` արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց արցախեան հիմնախնդիրի
հանգուցալուծման հոլովոյթը, Հայաստանի շրջանային քաղաքականութիւնը, Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները,
հայ-ամերիկեան բարեկամական գործընկերութիւնը, եւրոպական ընտանիքին մերձեցման քաղաքականութիւնը,
արաբական, ասիական, լատինամերիկեան երկիրներու հետ յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով
ձեռնարկուող քայլերը, միջազգային օրակարգի խնդիրներուն վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները,
Հայաստանի դերակատարութիւնը տարբեր միջազգային կառոյցներու մէջ: