2012-10-08 13:15:54

Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը ՄԱԿի Հետ Կը Գործակցի


Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի ընկերատնտեսական գլխաւոր հարցերէն մէկը կը մնայ անգործութիւնը, Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը վերջերս Հայաստանի մօտ ՄԱԿի գրասենեակին հետ համագործակցութեան համաձայնագիր մը կնքած է՝ Հայաստանի երիտասարդներուն աշխատանքի կարելիութիւններ ապահովելու ծրագիր մը իրականացնելու նպատակով:
«Ասպարէզի երիտասարդական ուղի» կոչուող ծրագիրը նպատակ ունի վարժողական ծրագիրներու միջոցաւ աշխատանքի մնայուն առիթներ ստեղծելու հայ երիտասարդներուն համար:
Մօտաւորապէս 60 երիտասարդներ վեցամսեայ վարժողական ծրագիրներ պիտի կարենան ամբողջացնել «Ասպարէզի երիտասարդական ուղի» ծրագիրին միջոցով:
Յատկանշական է, որ Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը 2007-2009 տարիներուն եւս Հայաստանի մօտ ՄԱԿի գրասենեակին հետ իրականացուցած է նման ծրագիրներ, որոնց մասնակցած են 118 երիտասարդներ, որոնց մօտաւորապէս կէսը մնայուն պաշտօնեաներ դարձած են այն կազմակերպութեանց մօտ, ուր վարժողական ծրագիր ամբողջացուցած էին:








All the contents on this site are copyrighted ©.