2012-10-08 13:23:41

Զուիցերիոյ Մէջ Համամիութենական Հանդիպում. Դէպի Ո՞ւր կ' ընթանայ Համամիութենական Շարժումը Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովէն 50 Տարիներ Ետք։


Երկուշաբթի 8 հոկտեմբերի առաւօտուն Զուիցերիոյ Պէրն քաղաքի մէջ, ֆոքոլարինիներու եկեղեցական շարժումի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ համամիութենական հանդիպում ` զրուցելու եւ խորհրդածելու, վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովէն 50 տարիներ ետք, համամիութենական շարժումի ընթացքին մասին։
Հանդիպումին մասնակցեցան Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Գիւրտ Գոխ եւ Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ վերապատուելի Կոթֆրիէտ Լոգէր։
Հանդիպման ընթացքին ներկայացուեցան ֆոքոլարինի շարժումի հիմնադրուհի Գիարա Լւպիխի (մահացած 2008-ին) համիութեանական շարժումի մասին խորհրդածութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.