2012-10-08 13:13:16

Զմմառու միաբանութիւնը համագործակցութիւն պիտի սկսի Երեւանի Մատենադարանին հետ


Լիբանանի Հայ կաթողիկէ Զմմառու պատրիարքական միաբանութիւնը համագործակցութիւն պիտի սկսի Երեւանի Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական ուսումնարան-մատենադարանի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Armenpress.am-ը` զրուցելով Լիբանանի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Մասիս» պաշտօնաթերթի պատասխանատու տնօրէն, խմբագիր Սարգիս Նաճարեանի հետ:
Ըստ վերջինիս` Զմմառու միաբանութիւնը իր դռները պիտի բանայ Հայաստանի գիտնականներուն առջեւ, որպէսզի անոնք օգնեն եւ աջակցին թանգարանի եւ ամբողջ մշակութային ժառանգութեան գիտական ուսումնասիրութեան: «Այս համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ 2000-է աւելի ձեռագիրներու, գիրքերու հետազօտման, որոնք գիտական լուրջ ուսումնասիրման կարիք ունին: Մենք նպատակ ունինք նաեւ երիտասարդ մասնագէտներ ուղարկելու Հայաստան, որպէսզի գան եւ մասնագիտանան ձեռագրագիտութեան եւ մատենագրութեան մէջ»,- ըսած է Սարգիս Նաճարեան:
Զմմառու միաբանութեան մէջ Հոկտեմբեր 21-ին պիտի բացուի մեծ ցուցահանդէս, որ շատ կարեւոր է նաեւ տեղացիներուն համար, որոնք հաղորդակից պիտի ըլլան հայկական մշակոյթի գանձերուն:
Սարգիս Նաճարեանի համոզմամբ` Լիբանանի հայութիւնը մեծ դեր ունի Հայաստանի համար, եւ պէտք է զարգացնել հայրենիքի հետ համայնքին յարաբերութիւնները: Լիբանան ունի հայկական մշակութային մեծ ժառանգութիւն, որ լուսաբանման կարիք ունի: Այդ գործը` Նաճարեանի հաւաստիացումով` իր ուսերուն վերցուցած է «Մասիս»-ը` Լիբանանի Հայ կաղոթիկէ պատրիարքարանի պաշտօնաթերթը:








All the contents on this site are copyrighted ©.