2012-10-07 12:36:18

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը


Յաւարտ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական ԺԳ Սիւնհոդոսին բացման արարողութեան առթիւ մատուցած Սուրբ պատարագին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։
Աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը հակիրճ խօսք մը արտասանեց նշելով Բոմբէյի Սրբավայրին մէջ Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր տօնը ու առաջարկելով որ յառաջիկայ Հաւատոյ Տարուոյն ընթացքին սուրբ վարդարանի ջեռմերանդութիւնը աւելիով արժէքաւորուի ու իր նախորդ Քահանայապետներու ճամբով, ի մասնաւորի երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի հետքերուն հետեւելով, հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու` սուրբ վարդարանը, ըլլայ անձնական, ըլլայ ընտանեկան եւ ըլլայ հասարակական կեանքէն ներս, իրենք զիրենք դնելով Մարիամի դպրոցին մէջ որ դէպի Քրիստոս կ՛առաջնորդէ։
Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք ներկաները բոլորին ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.