2012-10-07 09:22:28

Գերմանացի Բենետիկտեան Կրօնաւորուհի Իլտէկարտա Տի Պինկէն եւ Սպանացի Կրօնուսոյց ու Քարոզիչ Ժան Տ՝Ավիլա Տիեզերական Եկեղեցւոյ Նոր Վարդապետները։


Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ կայացած Սուրբ Պատարագի ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Տիեզերական Եկեղեցւոյ Նոր Վարդապետներ հռչակեց՝Գերմանացի Բենետիկտեան կրօնաւորուհի՝ Սրբուհի Իլտէկարտ Տի Պինկէն-ը եւ Սպանացի կրօնուսոյց ու քարոզիչ Ժան Տ'ավիլա Սուրբը։
Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետի տիտղոսը կը տրուի այն Սուրբերուն կամ Սրբուհիներուն,ինչպէս Սրբուհի Իլտէկարտա Տի Պինկէնը եւ Ժան Տ՝ավիլա Սուրբը որոնք իրենց վսեմ վարդապետութեամբ նպաստած են Աստուածայայտնութեան ճանաչողութեան խորազննումին, ճոխացնելով Եկեղեցւոյ աստուածաբանական հարստութիւնը, մատակարարելով հաւատացեալներուն բարգաւաճում հաւատքի եւ սիրոյ մէջ։

Սրբուհի Իլտէկարտա Տի Պինկէն (1098-1179) ։
Ազնուական ծնողքի մը տասներորդ եւ վերջին զաւակը կը ծնի Պէրմէրշխաիմ Վոր Տէր Հէօհէ 1098ին,տկարակազմ, ութը տարեկանին վանք կը դրուի ծնողքին կողմէ ։ Իր ուխտերը կը կատարէ 1112 եւ 1115ի միջեւ ։ Ան հմինադրուհին ու Աբբասուհին է երկու Վանքերու ։ Ռուբերդպերկ-ի Վանքը (հիմնած 1150ին) եւ Պինկէն Ամ Ռէին-ի Վանքը։ Ոգեւորուած հարազատ մտաւորական սէրէ ան կը լուսաբանէ ՝ խիտ բովանդակութեամբ եւ լեզուի թարմութեամբ Աստուծոյ Երրորդութեան ,Մարդեղութեան, Եկեղեցւոյ ու մարդկութեան խորհուրդը։ Կը վախճանի այն օրը որ նախ քան գուշակած էր ՝17 Սեպտեմբեր 1179ին, մինչ վանքի բոլոր կրօնաւորուիները կ՝երգէին հարսանեկան երգեր, վեջին փափաքը այս եզակի Սրբուհիին։

Ճովաննի Տ՝Ավիլա Սպանացի Սուրբը։ (1499-1569) ։
Սպանացի այս քահանան,մեծ քարոզիչ ու ներհայեցողը, Սուրբ հռչակուած է Պօղոս Զ.Քահանայապետի կողմէ 1970ին. Ան կը կոչուի նաեւ Անտալուսիա-ի Առաքեալը։ Ծնած Ալմոտովար Տէլ Քամբօ 6 Յունուար 1499ին ազնուական ծնողքէ մը, Իրաւագիտութիւն կ՝ուսանի Սալամանքայի համալսարանը ,բայց ապա անցնելով Ալքալա Տէ Հէնարէս Համալսարանը կ՝աւարտէ Աստուածաբանութեն ու Փիլիսոփայութեան մասնաճիւղերը։ Քահանայ ձեռնադրուելով իր առաջին Սուրբ Պատարագը կը մատուցէ 1525ին։ Սուրբ Իգնատիոս Լայոլայի բարեկամ(հիմնադիրը ՅիսուսեանԿրօնաւորներու Միաբանութեան) աշխատած է Յիսուսեաններու Միաբանութեան զարգացումին ու ծաւալումին Սպանիոյ մէջ։ Ապա զորավիգ կանգնած է Ավիլացի Սրբուհի Թերեզայի ՝՝Կարմեղեաններու Կարգի՝՝ բարենորոգումներուն եւ ՝՝ֆաթէպէնէ-ֆրաթէլլի՝՝ Միաբանութեան Հիմնադիր Սուրբ Յովհաննէս Աստուծոյ կատարած բարեփոխութիւններուն։ Ան հեղինակ է Կաթողիկէ Հոգեւորութեան հայող ընտիր երկերու ։ Ճովաննի Տ՝Ավիլա Սուրբը միշտ անխոնջ կը կրկնէր որ՝՝ սրբութեան տիեզերական կոչը բոլոր մկրտեալներու համար է, եւ յատկապէս քահանաներուն համար ՝՝ ։ Կը վախճանի Մոնթիլլա 10 Մայիս 1569-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.