2012-10-06 12:51:42

Յայտարարութիւն: «Օգնի՛ր Եղբօրդ» Ֆոնտը Հարստացաւ Այլ 5 Միլիոնով ։


«Օգնի՛ր Եղբօրդ» Կոչը հետզհետէ աւելի մեծ արձագանգ կը ստանայ Հայ ազգաբնակչութեան, գործարարներու , եւ հայրենի մտաւորականութեան շրջանակէն ներս :
Հայաստանի տարբեր ուսումնական հաստատութիւններ ներկայացնող երիտասարդներ, աշակերտներ մի քանի օր շարունակ փաթեթաւորում եւ արկղերու մէջ դասաւորած են առաջին անհրաժեշտութեան շուրջ 15 թոննոց պարենամթերք ու դեղորայքը: Օգնութեան առաջարկներ եւ խոստումներ կը հասնին Հայաստանի մարզերէն , եւ սփիւռքի տարբեր համայնքներէն :

Իսկ սուրիական ներկայ շարունակուող հակամարտութեան արդիւնք մարդասիրական աղէտի մէջ գտնուող սուրիական համայնքի աջակցութեան «Օգնի՛ր Եղբօրդ» կոչին արձագանգած է «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» Ընկերութիւնը: Իր մարդասիրական- բարեգործական ծրագրերով ծանօթ այս ընկերութիւնը արդարեւ սուրիահայ համայնքի աջակցութեան համար կատարեց կարեւոր ներդրում` տրամադրելով 5 միլիոն դրամ:
Մեր խորին երախտագիտութիւնը «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ին եւ բոլոր նուիրատուներուն :
«ՕԳՆԻ՛Ր ԵՂԲՕՐԴ»
ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ








All the contents on this site are copyrighted ©.