2012-10-06 12:19:14

Հալէպի Նոր Գիւղ Շրջանին Մէջ Երկու Հայեր Եւս Կը Սպաննուին։


Երէկ (5 հոկտեմբեր) գիշերուայ ժամը 22:30էն սկսեալ՝ յատկապէս հայաշատ Նոր Գիւղի թաղաշրջանը ծանր ռմբակոծումներու ենթարկուած է «Հաուն» հրթիռներու օգտագործումով: Հրթիռներէն մէկը հարուածած է Սուլէյմանէյի շրջանը, իսկ երկրորդ մը ճեմարանի շրջանին մէջ գտնուող «Զաւարեան» դպրոցին մօտակայ թաղը, հայ ընտանիքի մը տան փլուզման պատճառ դառնալով: Զոհուած են Յասմիկ Կիրակոսեանը եւ Պարսում Պարսումեանը: Ընտանիքի երեխան ծանրօրէն վիրաւորուած՝ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ: Վիրաւորներու թիւը յստակ չէ:
Հայկական թաղաշրջաններուն հսկող յանձնախումբերը կը զգուշացնեն թիպուկահարներու վտանգէն:
Սուրիական հակամարտութեան ընթացքին զոհուած է 32 հայեր , որուն եօթը զինուորներ : Երէկ այս յայտարարութեամբ ՀՀ Ազգային Ժողովին մէջ յայտարարած է ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանյ:
Զոհուածներէն հինգը կիներ են, 26-ը՝ տղամարդ, մէկ երեխայ: Հինգը զոհուած են Դամասկոսի մէջ, 19-ը՝ Հալէպի, մէկը՝ Տէր-Զօրի, մէկը՝ Հասիչէի, երկուքը՝ Հոմսի մէջ:

՝՝News.am՝՝ կը հաղորդէ թէ Հրանուշ Յակոբեանի տեղեկութիւններով՝ Սուրիոյ մէջ ներկայիս դեռ իրավիճակը ծանր է, Հալէպ մուտք գործած է 15.000-նոց կառավարական զօրք, հակառակ կողմը տուած է մօտ 300 զոհեր : Պայթումներուն հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 30 քաղաքացի, որոնց մէջ հայեր չկան:








All the contents on this site are copyrighted ©.