2012-10-06 12:46:45

Լրագրողներու Համահայկական 6-րդ Համաժողովի Երկրորդ Օրուայ Աշխատանքները։


«Հայոց ցեղասպանութեան 100¬ամեակին ընդառաջ» խորագիրով Լրագրողներու համահայկական 6¬րդ համաժողովը երէկ` 5 հոկտեմբերին շարունակեց իր աշխատանքները:
Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու հայ լրագրութիւնը ընդհանուր ուղղուածութիւնը ունեցող զեկուցումներով կայացաւ համաժողովին երկրորդ նիստը, որուն ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան Հայաստանէն եւ սփիւռքէն մամուլի, պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններու, ելեկտրոնային կայքէջերու լրագրողներ ու խմբագիրներ:
Երկրորդ նիստի աւարտին զեկուցողները պատասխանեցին Հայաստանէն եւ սփիւռքէն համաժողովին մասնակցող լրագրողներուն հարցումներուն:
Երրորդ նիստին ընդհանուր խորագիրն էր «Պատկերասփիւռն ու ձայնասփիւռը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին մէջ»:
Չորրորդ նիստի խորագիրն էր «Հայոց ցեղասպանութեան հիմնախնդիրի արծարծումը միջազգային մամուլին մէջ»: Այս առթիւ ի շարս զեկուցողներուն խօսք առաւ նաեւ Ռատիօվատիկանի հայկական բաժնի գործակից Տիկ Սոնա Նիւրբեթլեան (Իտալիա) որ անդրադարձաւ «Հայոց Ցեղասպանութեան արծարծումը` իբրեւ հայապահպանման պարտականութիւն» նիւթին։
Հինգերորդ նիստը կը կրէր «Հակահայկական քարոզչութիւնը եւ հայկական լրատուամիջոցներուն դերը քարոզչական պատերազմին մէջ, արդի արհեստագիտութիւններու կարելիութիւնները` համացանց, ընկերային ցանցեր» խորագիրը:
Երեկոյեան ժամը 7:30-ին համաժողովի մասնակիցներուն այցելեց Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան: Այս առիթով ողջունելով վարչապետը` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ամփոփ կերպով անդրադարձաւ համաժողովի երկօրեայ աշխատանքներուն, դիտել տուաւ, որ ժողովին կը մասնակցին 89 մամլոյ ներկայացուցիչներ աշխարհի չորս ծագերէն, զեկուցումներու ճամբով հաւաքուած է բաւական նիւթ, առաջարկ եւ վերլուծում` հայութեան վերաբերող տարբեր նիւթերու շուրջ:
Վարչապետ Սարգսեան իր խօսքին մէջ կառավարութեան անունով ողջունելով լրագրողները` դիտել տուաւ, որ ներկայ դարաշրջանին, երբ տեղեկատուական դաշտին մէջ պայքարը հետզհետէ կը սրի, ուրախութիւն է տեսնել, որ համազգային նիւթերու շուրջ լրագրողները միացեալ ուժերով լծուած են հայութեան խօսքն ու ճշմարտութիւնը հասցնելու բոլորին: Ան նշեց, որ այս առումով մեծ պատասխանատուութիւն դրուած է լրագրողներուն ուսերուն, որովհետեւ անոնք կոչուած են ներքին ու արտաքին մակարդակներու վրայ հայութեան վերաբերող հարցերուն ու լուրերուն մասին տեղեկութիւն փոխանցելու:
Վարչապետը ապա պատասխանեց լրագրողներուն հարցումներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.