2012-10-06 11:13:45

Գերապայծառ Էթէրովիչ. "Սիւնհոդոսական Նիստի Նախապատրաստական Աշխատանքը Ունի Երեք Ծաւալ. Հոգեւոր, Հովուական - Աստուածաբանական եւ կազմակերպչական"։


Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուպար Գերապայծառ Նիքոլա Էթէրովիչը մամուլին ներկայացնելով Նոր Աւետարանացումի նիւթով եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը, խօսած է սիւնհոդոսի աշխատանքներու նախապատրասատական հանգրուաններուն մասին, յայտնելով թէ անոնք բաժնուած են երեք մասերու. Հոգեւոր, Հովուական - Աստուածաբանական եւ կազմակերպչական։ Ան անդրադարձած է սիւնհոդոսի մասնակցող հայրերուն ու հրաւիրեալ մասնակիցներուն։
Գերապայծառ Էթէրովիչը ներակայացուցած է հուսկ սիւնհոդոսի ընթացքին նախատեսուած կարեւոր ձեռնարկներր, կարեւոր ելոյթներն ու սիւնհոդոսի օրակարգը ու աշխատանքային ծռագիրը։
Անդադառնալով աշխատանքներու նախապատրասատական հանգրուաններուն Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուպարը շեշտը դրած է հոգեւոր ծաւալին վրայ յայտնելով որ աղօթքը կ՛ընկերանայ եւ կ՛ ոգեւորէ սիւնհոդոսական բոլոր աշխատանքները ։Գերապայծառ Էթէրովիչ ապա յայտնած է թէ սիւնհոդոսական այս շրջանի ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը պիտի գլխաւորէ Սուրբ Զոհի չորս արարողութիւններ. Սիւնհոդոսի բացման ու փակման արարողութիւնները, 7 եւ 28 հոկտեմբերին. Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի աշխատանքներու սկիզբի նշման 50րդ յոբելեանի առթիւ Սուրբ Պետրոսի մէջ նախատեսուած Սուրբ պատարագը ու ապա 21 հոկեմբերին` 7 երանելիներու հռչակման արարողութինը։
Գերպայածառ Էթէրովիչ հուսկ խօսած է ՛՛Լինէամէնդայի՛՛ հարցարանի մասին որ է սիւնհոդոսական նիստի նիւթերուն աշխատանքային հարցարանը որ ուղղուած էր աշխարհի համայն կաթոՂիկէ նուիրապետութիւններուն, ներառեալ Արեւելեան եկեղեցիներուն եւ կրօնական հաստատութիւններուն։ ՛՛Լինէամէնդայի՛՛ - ուղեցոյց- հարցարանի պատասխաններու հիման վրայ է որ պատրաստուած է սիւնհոդոսի ընթացքին շօշափուելիք նիւթերու նախագիծը։ Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարը ապա խօսած է կազմակերպչական գործնթացի մասին ու ներկայացուցած է Սիւնհոդոսի աշխատանքային ծրագրիի մանրամասնութիւնները։

Գերպայծառ Էթէրովիչ ի ելոյթի ընթացքին նշած է թէ Սիւնհոդոսին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 262 սիւնհոդոսական հայրեր մատնանշելով թէ այս թիւը բացառիկ է որովհետեւ ոչ մէկ սիւնհոդոս այսպիսի խուռն մասնակցութիւն տեսած է։ Գերապայծառ Էթէրովիչը ապա ընգծած է սիւնհոդոսի համամիութենական բնոյթը, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեան ի տես։

Խօսքը եզրափակելով գերպայծառ Էթերովիչ հրաւիրած է հաւատացեալները աղօթելու եւ նոր ոգեւորութեամբ ու քրիստոնէական կեանքի ապրումով Սուրբ Պետրոսի Յաջորդին հետ միասին վկայելու "Դուն ես Քրիստոսը, Ողջ Աստուծոյ Որդին":








All the contents on this site are copyrighted ©.