2012-10-05 14:23:17

262 Սիւնհոդոսական Հայրեր Կը Մասնակցին Նոր Աւետարանցումի Նիւթով Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսին (7 -28 հոկտեմբեր 2012)


Կիրակի 7 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9.30 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս Տաճարի մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին բացումը կը կատարէ եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի 13րդ ընդհանուր ժողովին որ ունի որպէս նիւթ <<Նոր աւետարանացում ի սպաս Քրիստոնէական հաւատքի փոխանցման>>։
Սուրբ արարողութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը եկեղեցւոյ վարդապետ կը հռչակէ գերմանացի կրօնաւորուհի Սրբուհի Հիլտէկարտ Տէ Պինկէն (1098 - 1179) եւ սպանացի քարոզիչ Սուրբ Ժան տ՛Ավիլան (1500-1569)։ Նոր Աւետարանութեան եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքները սկիզբ կ՛առնեն երկուշաբթի 8 հոկտեմբերին եւ կը վերջ կը գտնեն կիրակի 28 հոկտեմբերին, Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորած ու մատուցած հանդիսաւոր սուրբ պատարագի արարողութեամբ։
Վերոյիշեալ Սիւնհոդոսին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 262 սիւնհոդոսական հայրեր որ միասնաբար պիտի խորհրդակցին Նոր աւետարանութեան նիւթին մասին։ Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի ընդհանուր Քարտուղար` գերապայծառ Նիքոլա Էթէրովիչի յայտարարութեամբ, սիւնհոդոսի մասնակցող հայրերու այս թիւը բացառիկ է որովհետեւ ոչ մէկ սիւնհոդոս այսպիսի խուռն մասնակցութիւն տեսած է։
262 սիւնհոդոսական հայրերու մեծ մասը, այսինքն 103-ը եւրոպական ցամաքամասի մաս կը կազմեն, 63-ը ամերիկայի, 50-ը ափրիկեան ցամաքամսի, 39-ը Ասիայ եւ 7-ն Ովկիանեան ցամաքամասի։







All the contents on this site are copyrighted ©.