2012-10-04 12:17:23

Ղպտիները Կը Բողոքեն Եգիպտոսի Մէջ Իրենց Թիւի Մասին Տուեալներուն Խեղաթիւրման Դէմ :


«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Վատիկանի ձայնասփիւռի կայանին, կը հաղորդէ, որ Ղպտի ուղղափառ եկեղեցին պաշտօնական բողոք արտայայտած է` յայտարարելով, որ Եգիպտոսի իշխանութիւնները միտումնաւոր կերպով երկրին մէջ ղպտիներու թիւին վերաբերեալ նուազեցուած տուեալներ կը հրապարակեն:
Ըստ Եգիպտոսի Կեդրոնական վիճակագրական գործակալութեան անցեալ շաբաթ հրապարակած տուեալներուն, երկրին մէջ կը բնակին 5.13 միլիոն քրիստոնեաներ, ինչ որ Եգիպտոսի 83 միլիոն բնակչութեան 4 առ հարիւրը կը կազմէ:

Միեւնոյն ժամանակ, անցեալ տարի Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ Եգիպտոսի քրիստոնեայ համայնքներուն մէջ կատարուած մարդահամարը այլ արդիւնք ցոյց տուած էր: Ըստ այդ վիճակագրութեան, Եգիպտոսի մէջ քրիստոնեաներուն թիւը 17 միլիոն է, ինչ որ Եգիպտոսի բնակչութեան 20 առ հարիւրը կը կազմէ: Այս տուեալները կը հաստատեն նաեւ աւստրիական «Փրօ Օրիենթէ» հիմնադրամի փորձագէտները:
Եգիպտոսի քրիստոնեաներու թիւին վերաբերեալ տուեալները երկար տարիներ իրականութենէն լրջօրէն տարբեր եղած են: Նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի վարչակարգի շրջանին տեղեկութիւններ կը հրապարակուէին, թէ Եգիպտոսի մէջ 3.3 միլիոն քրիստոնեայ կը բնակի, իսկ ըստ Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ, միայն այդ եկեղեցւոյ անդամներուն թիւը 2008-ին 12 միլիոն էր:

Եգիպտոսի քրիստոնեաները մտավախութիւն ունին, որ կառավարական կեղծ վիճակագրական տուեալները կրնան նոր իշխանութիւններուն կողմէ օգտագործուիլ քրիստոնեաները լուսանցքայնացնելու համար, ինչպէս երկար տարիներ շարունակ ատիկա կը կատարուէր Մուպարաքի կառավարման շրջանին:
Այս հարցով Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ բողոքին միացած են նաեւ Եգիպտոսի քրիստոնէական այլ համայնքներ








All the contents on this site are copyrighted ©.