2012-10-03 11:50:45

Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան այցելութեան մասին արժեւորման հանդիպում։


Պէյրութ
Երկուշաբթի 1 հոկտեմբեր 2012, երեկոյեան ժամը 8-ին, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը հանդիպեցաւ հայ կաթողիկէ միաւորներուն հետ, որոնք մասնակցած էին Պենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան այցելութեան տարբեր հանգրուաններուն ու զանազան միջոցառումներուն: Բացման խօսքին մէջ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան տարբեր նշանակութիւններուն մասին:
Ապա ներկաները, իրենց կարգին արտայայտուեցան իրենց անձնական փորձառութիւններուն մասին որ ապրեցան այս պատմական այցելութեան ընթացքին, յատկապէս շեշտը կեդրոնացնելով այն իրողութեան վրայ թէ այս պատմական այցելութիւնը քրիստոնեայ անհատին յոյս եւ ուժ շնորհեց դիմադրելու առօրեայ դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն եւ ամրապնդելու համար հաւատքն ու քրիստոնեայ ինքնութիւնը երկրին մէջ:
Միջամտութիւններէն ետք, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յայտարարեց որ պիտի մասնակցի Հռոմի մէջ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի ընդհանուր ժողովին, որ պիտի կրէ «Նոր Աւետարանացում» խորագիրը եւ մէկնակէտը պիտի ըլլայ Սուրբ Աւետարանը քարոզելու ամէնուրէք եւ հաւատքին մէջ վերանորոգուելու: Հետեւաբար ան յայտնեց որ նոր աւետարանացման յատուկ գրասենեակ մը հիմնուեցաւ որ պիտի գործէ հայ կաթողիկէ հասարակութենէն ներս, հրաւիրելով բոլոր փափաքողները մաս կազմելու այս ընթացքին եւ նպաստելու առաքելութեան իրագործումին:








All the contents on this site are copyrighted ©.