2012-10-03 13:25:56

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 3 հոկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 10.30, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Իր արտասանած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ քրիստոնեայ աղօթքի յատուկ ակնաղբիւրի մասին որ է <<ծիսակատարութիւնը>> որ - ինչպէս գրուած է Կաթողիկէ եկեղեցւոյ քրիստոնէականի գիրգին մէջ - մասնակցութիւն մըն է Քրիստոսի աղօթքին, ուղղուած Հօր Աստուծոյ եւ Սուրբ Հոգւոյն Անոր մէջ է որ ամէն քրիստոնեայ աղօթք կը գտնէ իր ակնաղբիւրը ու իր նպատակը - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու աւելցուց - այսօր կ՛ուզեմ հարց տալ թէ իմ կեանքիս մէջ բաւականաչափ ժամանակ կը յատկացնե՞մ աղօթքին ու մանաւանդ ի՞նչ տեղ ունի ծիսակատարութիւնը Աստուծոյ հետ իմ յարաբերութեանս մէջ, ի մասնաւորի Սուրբ պատարագը որպէս մասնակցութիւն Քրիստոսի Մարմնոյն աղօթքին որ է եկեղեցին։Այս հարցումին պատասխանելով պէտք է մտածենք թէ աղօթքը ամէնէն առաջ ողջ յարաբերութիւնն է Աստուծոյ զաւակներուն իրենց անհունապէս բարի Հօր հետ, Անոր որդւոյն Յիսուս Քրիստոսի Եւ Սուրբ Հոգւոյն հետ։ Այս հաղորդակցութիւնը Աստուծոյ երրորդութեան հետ կարելի է որովհետեւ մկրտութեամբ մենք եղանք մի Քրիստոսի հետ - ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ հաստատելով - թէ միայն Քրիստոսի մէջ է որ մենք կրնանք խօսիլ Հօր Աստուծոյ հետ որպէս զաւակներ զայն <<Հայր>> կոչելով ։ Ասոր համար քրիստոնեայ աղօթքը կը կայանայ յարատեւ եւ նորոգուած կերպով Քրիստոսին նայելուն մէջ, Անոր հետ խօսելուն մէջ, Իրեն հետ մնալու լռութեան մէջ, Անոր մտիկ ընելու ու գործելու եւ չարչարուիլ Իրեն հետ։
Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսեցաւ Քրիստոսի ու Եկեղեցւոյ միջեւ սիրոյ անխզելի կապի մասին ու հարց տուաւ ըսելով. ին՞չնպէս աղօթել կը սորվինք ու պատասխանեց. Նայելով Յիսուսի մեզի տուած օրինակին <<հայր մեր>> ին. Աստուծոյ ուղղելով մեր աղօթքը զայն կոչելով Հայր ու ընկալելով անոր Խօսքերը։ Սրբազան Հայրը ար այդ մատնանշեց հաւաքական աղօթքի կարեւորութեան մասին հաստատելով թէ ծիսակատարութիւնը տիեզերական կնիք ունի։ Անհատը չէ որ ծէսը կը կատարէ այլ հասարակութիւնը եւ ամէնափոքր հասարակութեան աղօթքին մէջ նողնիսկ համայն եկեղեցին է որ ներկայ կը գտնուի հաստատեց Ան ու խօսքը եզրափակելով ըսաւ.

Սիրելի բարեկամներ, եկեղեցին տեսանելի է բազմազան ձեւերով բայց վայրը ուր ան իսակակն եկեղեցի է ծիսակատարութիւնն է։ Վայրը ուր մենք Աստուծոյ հետ կապի մէջ կը մտնենք, Ան մեզի կու գայ եւ մենք կը լուսաւորուինք։ Հայցենք Տիրոջմէ որ ամէն օր սորվինք ապրիլ սուրբ ծէսը, ու մենք զմեզ զգանք անդամ ողջ եկեղեցւոյ ամէն վայրերու եւ ամէն ժամանակներու մէջ։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու յատուկէն ողջողնի խօսք մը ուղղեց երիտսարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն զանոնք հրաւիրելով ունկնդրելու Քրիստոսը, ճշմարտութեան խօսքը, գնահատելու Անոր մօտիկութիւնը ու վկայելու անոր յոյսը եւ ընթանալու սիրոյ ու սրբակեաց կենցաղով։

ԿՈՉ
Ունկնդրութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կոչ մը ուղղեց հաւատացեալներուն զանոնք հրաւիրելով միանալու իրեն աղօթքներուն։
Վաղը պիտի այցելեմ Լորէթոյի Սրբավայրը - ըսաւ Ան - նշելու Յովհաննէս ԻԳ սրբազան քահանայապետի 50 տարիներ առաջ կատարած ուխտագնացութիւնը, վատիկանեան տիեզերական Բ Ժողովի նախօրեակին։
Ձեզմէ կը խնդրեմ որ միանաք իմ աղօթքներուս Աստուածամօր հովանիին յանձնելու համար եկեղեցւոյ ձեռնարկները. Հաւատոյ Տարին ու Նոր Աւետարանութեան Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոդը։
Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը առաջնորդ հանդիսանայ եկեղեցւոյ` ժամանակակից այրերուն ու կիներուն աւետարանը քարոզելու իր առաքելութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.