2012-10-03 12:41:11

Հայ-Կաթողիկէ Մեսրոպեան Մանկապարտէզի Բացումը( Լիբանան) ։


Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզին վերամուտը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր -ին, առաւօտեան ժամը 7:45-ին, Մանկապարտէզի վերանորոգուած բակին մէջ, ներկայութեամբ մեծաթիւ ծնողներու :

Տէրունական աղօթքէն ետք, Մեսրոպեան վարժարանի մանկապարտիզպանուհի տիկին Մարիա Պէoճէքեան յոյս յայտնեց, որ նոր տարեշրջանին աշակերտները ուրախ եւ դաստիարակիչ միջավայրի մէջ կ՚անցընեն օգտաշատ պահեր:
Ապա մանկապարտէզի ուսուցչուհիները ներկայացուցին կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն բեմավարն էր մանկապարտէզի ուսուցչուհի օրիորդ Շողիկ Եփրեմեան: Ուսուցիչները հայկական եւ օտար պարերով ստեղծեցին խանդավառութիւն եւ հաճելի մթնոլորտ: Մանկապարտէզի աշակերտները մասնակցեցան շուրջպարին, որուն ծնողները միացան ծափահարութիւններով: Այս առիթով, աշակերտներուն բաժնուեցան կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն գոյներով պատրաստուած «Վերամուտ» բառը կրող դրօշակներ:
Աւարտին, խօսք առաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ վերամուտի հանդիսութեան հոգատարութիւնը, գուրգուրանքն ու ժպիտը աշակերտներուն պիտի ընկերակցի ամբողջ տարեշրջանին ընթացքին: Մեսրոպեանի տնօրէնը հաստատեց, որ տնօրէնութիւն-ուսուցիչներ-ծնողք գործակցութեամբ կ՚իրականանան մանկապարտէզին ծրագիրները, որովհետեւ «Մեր աշակերտները արժանի են լաւագոյնին»:
Անդրադառնալով Մեսրոպեան վարժարանի նորութիւններուն, պրն. Գալուստ ըսաւ, որ մանկապարտէզի բակին «կանաչապատում»ը առաջին քայլն է, եւ յառաջիկայն պիտի իրականան բարգաւաճման նպաստող այլ աշխատանքներ, որովհետեւ կրթական կառոյցները մշտապէս զարգացման մարտահրաւէրը ունին: Պրն. Կրէկուար Գալուստ մաղթեց, որ վերանորոգուած բակին նման, մանկապարտէզը կ՚ունենայ կանաչ տարեշրջան մը, լի նոր յաջողութիւններով եւ իրականացնելով կրթական, ազգային եւ հոգեւոր նպատակները:








All the contents on this site are copyrighted ©.