2012-10-03 11:48:47

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը կը մեկնի Հռոմ


Հինգշաբթի, 4 hոկտեմբեր 2012-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը կը մեկնի Հռոմ, ուր պիտի մասնակցի համաշխարհային կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի ընդհանուր ժողովին, որուն խորագիրն է՝ «Նոր Աւետարանացումը՝ քրիստոնեայ հաւատքի փոխանցման համար», եւ որ տեղի պիտի ունենայ 7 հոկտեմբերէն մինչեւ 28 հոկտեմբեր 2012-ին, Վատիկանի մէջ։ Այս ընդհանուր սիւնհոդոսին հրաւիրուած են բոլոր քահանայապետական ժողովներն ու խորհուրդները, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ արեւելեան Եկեղեցիներու պատրիարքները։ Այս ժողովին նպատակն է՝ Նոր Աւետարանացման գործը յայտնաբերել ոչ միայն ոչ քրիստոնեաներուն համար, այլ նաեւ հին քրիստոնէական աւանդութիւններ ունեցող ժողովուրդներուն համար, ինչպէս հայ ազգի զաւակները, եւրոպացիները եւ Միջին Արեւելքի ժողովուրդները, որպէսզի վերանորոգեն իրենց հաւատքը որովհետեւ անաստուածութիւնը շատ յառաջ գացած է ամէն կողմ։ Ժողովը պիտի անդրադառնայ այն միջոցներուն խրախուսելու համար քրիստոնեաները, որպէսզի ապրին իրենց հաւատքը, եւ հասկնան թէ Աստուած գոյութիւն ունի ամէնուրեք եւ ամէն ինչ կ՚ընէ մարդոց բարիքին համար։ Այս գաղափարները պիտի փոխանցուին նոր սերունդին եւ նաեւ չափահասներուն, որպէսզի ապրին խօսքէն աւելի ապրելակերպով եւ համոզեն մարդիկ ձերբազատուելու համար աշխարհիկ քարոզչութիւններէն, որոնք կը լեցնեն իրենց առօրեան շահագործութեան եւ տիրապետութեան գաղափարներով։

Հոգեւոր Տէրը հանդիպումներ պիտի ունենայ Սրբազան Քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ.-ին հետ, որ անցեալ սեպտեմբեր 15-ին պատմական այցելութիւն մը տուաւ Զմմառու հայ կաթողիկէ պատրիարքական աթոռ եւ այս առիթով օրհնեց առաջին հայ տպագիր՝ Յակոբ Մեղապարտին յուշարձանը։

Հոգեւոր Տէրը պիտի հանդիպի նաեւ զանազան կարդինալներու եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ հայ առաքելական հրաւիրեալ եկեղեցականներու հետ, որոնք պիտի մասնակցին սիւնհոդոսական նստաշրջաններուն։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կեցութիւնը պիտի ըլլայ Հռոմի Ք. Լեւոնեան հայ վարժարան, եւ իրեն կ՚ ընկերանայ որպէս գաւազանակիր՝ տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան։

Հոգեւոր Տէրը իր նստավայրը պիտի վերադառնայ 30 հոկտեմբերին։


Դիւան
Հայ կաթողիկէ Պատրիարք







All the contents on this site are copyrighted ©.