2012-10-03 12:29:22

Ծայրայեղ Հրեաներ Սրբապղծեցին Սիոն Լերան Վրայ Գտնուող ֆրանչիսկեաններու Վանքը։
Սուրբ Երկրի Եպիսկոպոսները`Խորապէս Վշտացած։


Ծայրայեղ հրեաներ անցեալ գիշեր սրբապղծած են երուսաղէմի Ֆրանչիսկեան միաբանութեան պատկանող եւ Սիոն լերան վրայ գտնուող վանքը, վանքի մուտքի դրան վրայ Քրիստոսը վարկաբեկող եբրայերէն գրութիւններ գրելով: Այս առաջին անգամը չէ որ այսպիսի արարք մը կը պատահի. Անցեալ ամիս եւս ''վճառելիք գին'' կոչուող ծայրայեղ հրեաները Երուսաղէմի արեւմուտքը գտնուող Լաթրուն շրջանին մէջ վանքի մը դուռը հրկիզած էին եւ վանքի պատերուն վրայ քրիստոնէութիւնը վարկաբեկող գրութիւններ արձանագրած:
Երուսաղէմի քրիստոնեայ համայնքապետերը հաղորդագրութիւն մը հրատարակած են որուն մէջ կը յայտնեն իրենց խոր վիշտը ու զօրակցութեան զգացումներ ֆրանչիսկեան միաբանութեան ու համայն Սուրբ Երկրի հաւատացեալներուն։ Համայնքապետերու համահաւաք դասը մտահոգութիւն յայտնած է մի քանի դպրոցներու մէջ երիտասարդներուն արհամարհանք եւ անհանրդժողութիւն դաստիարակումի ի տես։ Անոնք վստահութիւն յայտնած են թէ Իսրայելի կառավարութիւնը արդարութեան կը յանձնէ յանցագործերը ու խնդրանք ներկայացուցած են որ <<իսրայելի կրթութեան համակարգը արմատական փոփոխութեան ենթարկուի>> ապա թէ ոչ - հաստատած են համայնքապետերը - նոյն պատճառները կ՛արտադրեն նոյն հետեւանքներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.