2012-10-03 12:36:33

Լրագրողներու 6-րդ Համահայկական Համաժողովը Աղաւնաձորի Մէջ։


4-6 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ լրագրողներու 6-րդ համահայկական համաժողովը` «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրով:
4 հոկտեմբերին, ժամը 9:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) տեղի պիտի ունենայ համաժողովի հանդիսաւոր բացումը Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի մասնաշէնքի Եղիշէ Չարենց սրահին մէջ:
Բացման խօսքը պիտի արտասանէ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Պիտի ընթերցուի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը, ինչպէս նաեւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութիւնը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութիւնը, Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Պատրիարքի օրհնութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի ուղերձը:
4 հոկտեմբերին Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր այցելելէ ետք, համաժողովի մասնակիցները ժամը 14.00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) պիտի մեկնին Աղաւնաձոր, ուր պիտի շարունակեն համաժողովին աշխատանքները` մինչեւ 6 հոկտեմբերը ներառեալ:








All the contents on this site are copyrighted ©.