2012-10-02 11:06:27

Վարագայ Սուրբ Խաչի Տօնին Առիթով Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ Եւ Մատաղի Օրհնութիւն:


Զալքա
Կիրակի 30 Սեպտեմբեր 2012-ին, «Վարագայ Սուրբ Խաչ»ի տօնին եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, Զալքայի Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ եւ մատաղի օրհնութիւն, նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին։ Սուրբ Պատարագի ընթացքին իր յաղորդած պատգամին մէջ ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը մեկնաբանեց օրուան Սուրբ աւետարանը ուր նկարագրուած է վերջին դատաստանին օրը։
Աշխարհին վերջը պատկերն է մեր կեանքի վախճանին - ըսաւ Հոգեւոր Տէրը - Եր՞բ պիտի ըլլայ մեր կեանքին վերջին օրը, ոչ ոք գիտէ։ Ասոր համար, Յիսուս կ՚ըսէ. «Արթուն կեցէք, որովհետեւ չէք գիտեր ո՛չ օրը եւ ո՛չ ժամը» (Մտթ. 25, 13)։ Իմաստուն մարդը ան է որ կ՚ապրի իր օրը մտածելով որ վաղը կրնայ մեռնիլ, եւ ըստ այնմ կ՚որոշէ իր ընելիքները։ Կը մտածէ՝ ի՞նչ բան կարեւոր է որ պէտք է ընեմ, եւ ի՞նչ է երկրորդականը որ պէտք է ձգեմ։ Ի՞նչ բան շահաւոր է յաւիտենականութեանս համար եւ անոր կառչիմ, եւ ի՞նչ վնասակար է ու անկէ հեռանամ։ Ժամանակը գանձ մըն է - աւելցուց Պատրիարքը - որ Աստուած մեզի ձրիաբար կը շնորհէ, որպէսզի զայն լաւագոյն կերպով շահագործենք մեր եւ ուրիշներուն բարիքին համար, ու ապա հրաւիրեց հաւատացեալները Աստուծմէ խնդրելու իմաստութիւնը գիտնալու համար թէ ի՞նչ բանի պէտք է տրամադրեն իրենց թանկագին ժամանակը։ Կորսուած ժամերը ետ չեն դառնար - հաստատեց Ան։
Եթէ Յիսուս իր Յարութեամբ մեզի բացաւ երկնքի արքայութիւնը, մեզի համար լաւագոյնը պիտի ըլլայ աշխատիլ հոն հասնելու համար, եւ խրախուսել մեր սիրելիները որ անոնք ալ նոյնը ընեն, խօսքով բայց մանաւանդ՝ մեր ապրելակերպով եւ բարի գործերով։ Դժբախտաբար, շատ երիտասարդներ եւ նաեւ չափահասներ, չգիտնալով ինչպէս օգտագործել իրենց ժամանակը, խաղերով կամ անպարկեշտ գործերով զայն կը վատնեն։ Ո՞վ զիրենք պիտի առաջնորդէ արդեօք դէպի ուղիղ ճամբայ։ Թերեւս Աստուած քե՛զ ընտրած է այս նուիրական գործը կատարելու համար։
Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոսը ապա ներկայացուց օրուան Ընթերցուածը ու կը պարցուի Պօղոս առաքեալին կեցուածքը Խաչին դիմաց։ Շատերուն համար, Խաչը կը նշանակէ ցաւ, հիւանդութիւն, կեանքի յուսախաբութիւն եւ ամէն տեսակ ժխտական բաներ, որ մեզ անհանգիստ կը ձգեն։ Յիսուս շալկեց իր ուսերուն վրայ ծանր Խաչը, որ կը պատկերացնէ մեր եւ բոլոր դարերու մարդոց յանցանքները, եւ մեր տեղը քաւեց մեր մեղքերը՝ խաչափայտին վրայ մեռնելով։
Սուրբ Պօղոս կ՚ըսէ. «Եթէ Յիսուս յարութիւն չառաւ, ուրեմն ի զուր է ձեր հաւատքը, ... եւ մենք բոլոր մարդոց մէջ ամէնէն ողորմելիներն ենք։ Բայց ո՛չ, կը շարունակէ Ս. Պօղոսը, Քրիստոս յարութիւն առաւ եւ ան առաջին պտուղն է ննջեցեալներուն» (Ա. Կորն. 15, 17-20)։
Ասոր համար, Պօղոս առաքեալը յանդգնեցաւ ըսելու. «Ես չեմ պարծենար եթէ ոչ միա՛յն խաչով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, որով աշխարհը ինծի համար խաչուած մըն է եւ ես խաչուած մըն եմ աշխարհի համար» (Գաղ. 6, 14)։
Սիրելիներ, Սատանան է որ մեզ կը խաբէ, ինչպէս խաբեց Ադամ եւ Եւան։ Աստուած ստեղծեց աշխարհը առանց մահուան գաղափարին։ Մեղքն է որ մահը մտցուց աշխարհին մէջ, երբ Ադամը՝ փոխանակ Աստուծոյ հաւատալու եւ անոր հնազանդելու, սատանային հաւատաց եւ անոր հետեւեցաւ։ Իբր արդիւնք, Ադամ եւ Եւա սատանայէն խաբուեցան եւ անոր թակարդին մէջ ինկան ու դրախտէն վռնտուեցան։ Մենք ալ, ամէն օր կը խաբուինք սատանայէն եւ անոր թակարդին մէջ կ՚իյնանք, երբ չենք աղօթեր եւ Սուրբ Աւետարանը չենք կարդար, որովհետեւ սատանան շատ խորամանկ։
Սիրելիներ, քննե՛նք մենք զմեզ եւ տեսնենք. արդեօք մեր խաչերը կ՚ընդունի՞նք, արդեօք սկսա՞ծ ենք զանոնք սիրել, թէ տակաւին ոչ։ Եթէ այո՛, կրնանք ըսել որ իսկական Յիսուսի աշակերտներ դարձած ենք, քանի Յիսուս ըսաւ. «Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ, թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ հետեւի ինծի» (Մտթ. 16, 24)։ Յիսուս ըսաւ նաեւ. «Ով որ չ՚առներ իր խաչը եւ չի հետեւիր ինծի, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ» (Ղկ. 14, 27)։
Յոյժ սիրելիներ, այս հաւատքով դուք կրնաք ժպտուն երես մ՚ունենալ ձեր ցաւերուն մէջ։ Նոյնպէս, կրնաք յոյս ներշնչել տառապեալներուն եւ հիւանդներուն, եւ մեծ բարիք կատարել բոլոր անոնց որոնք կը սպասեն որ մէ՛կը անոնց բացատրէ իրենց ցաւերուն իմաստն ու արժէքը, որպէսզի երջանիկ ըլլան իրենց ցաւերով հանդերձ։
Ի՜նչ մեծ առաքելութիւն կը սպասէ ձեզի, որ կարենաք երջանիկ դարձնել տառապեալները եւ յուսալքուածները։ Այս ծառայութիւնը ձեռնտու է ամէն հաւատք ունեցողին։ Զայն կը մաղթեմ ձեզի, բոլորիդ. ամէն»։
Պատարագի աւարտին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը օրհնեց եկեղեցւոյ բակին մէջ զետեղուած նոր խաչքարը, նուիրուած Զէյթունցեան ընտանիքին կողմէ, անմահացնելու համար հանգուցեալ Ժորժ Զէյթունցեանի յիշատակը:
Ապա հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ ՀԿՄ Պատանիներու ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ դէպի «Պետողլեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եւ մատաղի բաշխում:








All the contents on this site are copyrighted ©.