2012-10-02 12:55:04

Սուրիական Կրթական Ծրագրով Դպրոց՝ Երեւանի Մէջ.


Երեւանի Քաղաքապետարանի հովանիին տակ գործող դպրոցներէն մէկուն մէջ կը բացուի դպրոց մը, որուն ծրագիրը համաձայն է սուրիական կրթական ծրագիրին։ Այս դպրոցը նախատեսուած է սուրիահայ այն աշակերտներուն համար, որոնց ծնողները կը նախընտրեն, որ իրենց զաւակը այդ դասընթացքին հետեւի։

Սուրիահայ աշակերտներուն արձանագրութիւնը տեղի կ՝ունենայ 2-3 Հոկտեմբերին, իսկ դասերը պիտի սկսին 8 Հոկտեմբերին Նար Դոսի անուան թիւ 14 դպրոցին մէջ: Այս ծրագիրը կ՛իրականանայ Երեւանի Քաղաքապետարանի, Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Կիլիկեան Բարեսիրական Միութեան հովանաւորութեամբ։
Աշակերտները հայոց լեզու (արեւելահայերէն) եւ հայոց պատմութիւն նիւթերուն պիտի հետեւին որոշուած ծրագիրէն դուրս։








All the contents on this site are copyrighted ©.