2012-10-02 11:15:53

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հոկտեմբեր Ամսուայ Գործունէութիւնը
Առաքելական Այցելութիւն, Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոս, եւ Հաւատոյ Տարւոյն Պաշտօնական Բացում։


Գասթել Կանտիլֆոյյի մէջ անցուցած ամառնային հանգիստի շրջանէ մը ետք, որ յատկանշուեցաւ ուսումնասիրական հետազօտութիւններով, սեպտեմբերի սկիզբէն ի վեր Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կանոնաւորապէս վերսկսաւ իր գործունէութիւնը որուն գագաթնակէտը հանդիսացաւ 14 - 16 սեպտեմբեր Լիբանան կատարած հովուական այցելութիւնը։
Սրբազան Քահանայապետի հոկտեմբեր ամսուայ օրակարգը եւս բաւական խիտ կը ներկայանայ։ Արդարեւ Ան 4 հոկտեմբերին Իտալիոյ պաշտպան սուրբ` Սուրբ ֆրանչէսկոս Ասսիզացիի տօնին օրը, հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Լորէթոյի Սրբավայրին, յայցելու Տիրամօր բարեխօսութիւնը Նոր Աւետարանութեան եպիսկոպոսական սիւնհոդոսական նիստին համար։
Կիրակի 7 հոկտեմբերին Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ -ը բացումը կը կատարէ Նոր աւետարանութեան եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին։ Այս առթիւ Սրբազան Հայրը Եկեղեցւոյ վարդապետ պիտի հռչակէ գերմանացի կրոնաւորուհի Սրբուհի Հիլտէկարտ Տէ Պինկէն (1098 - 1179) եւ սպանացի քարոզիչ Սուրբ Ժան տ՛Ավիլան (1500-1569)։ Նոր Աւետարանութեան եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը պիտի տեւէ 3 շաբաթ ու անոր փակումը պիտի նշուի կիրակի 28 հոկտեմբերին Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորած ու մատուցած սուրբ պատարագով ։
11 Հոկտեմբերին պիտի նշուի Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի աշխատանքներու բացման 50րդ յոբելեանը եւ եկեղեցւոյ քրիստոնէականի հրատարակման 20րդ տարեդարձը։ Այս Առթիւ Նորին Արբութիւն արբազան արարողութեամբ սկիզբ պիտի տայ հաւատոյ տարուան նշումին որ պիտի տեւէ մինչեւ 24 նոյեմբեր 2013։ Այս առթիւ նախատեսուած են զանազան ձեռնարկներ։
Կիրակի 21 հոկտեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ պիտի սրաբադասէ 7 սուրբեր որոնց շարքին նաեւ Մատակասկարի միսիոնար ֆրանսացի Ժագ Պէրթիէօն(1838-1896) եւ Գաէթրի Թէքաքուիթա հնդիկ առաջին սրբուհին։








All the contents on this site are copyrighted ©.