Մարոնիներու Ռայի Պատրիարքը Կը Վերահաստատէ 1960-ի Ընտրական Օրէնքին Իր Մերժումը:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի Պատրիարքը երէկ հովուապետական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Հունգարիա: Նախքան
իր մեկնումը, Ռայի Պատրիարքը հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն յանգելու համար
բոլորին շահերուն համապատասխանող ընտրական օրինագիծի մը: Ան վերահաստատեց իր մերժումը
1960-ի ընտրական օրէնքին, որ «այսօրուան մեր իրավիճակին հիմն է: Այսօրուան մեր իրավիճակէն
դուրս գալու համար մենք պէտք ունինք վաւերացնելու ընտրական այնպիսի օրինագիծ մը, որ ճշգրիտ
ներկայացուցչութեան առիթ կու տայ բոլորին», ըսաւ ան: Ռայի Պատրիարքը շեշտեց, որ ինք
ընտրական օրէնքի որեւէ տարբերակի պատկերացում չունի, այլ` քրիստոնեայ քաղաքական ուժերը
կը համախմբէ համաձայնելու ընտրական օրէնքի մը շուրջ: «Օրէնք մը, որ բոլոր կողմերուն ճշգրիտ
ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ», ընդգծեց ան: