2012-10-01 13:20:28

Հալէպի Մէջ Կրակոցները Զգալիօրեն Նուազած են. (Ժիրայր Ռեյիսեան ). Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ։


Հալեպի իրավիճակը սեպտեմբեր 30-ին եւ այս առաւօտ 1 Հոկտեմբեր,աւելի կայուն է եւ հանգիստ: Այս մասին -ին տեղեկացուցած է Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանի մամլոյ խոսնակ Տիար Ժիրայր Ռեյիսեան ` աւելացնելով, որ իրավիճակը բաւական յուսադրիչ է, կրակոցներու ձայները զգալիօրեն նուազած են։ Ռեյիսեան նշած է նաեւ, որ յառաջիկայ օրերուն, ամենայն հաւանականութեամբ հայկական դպրոցները կը բացուին։
Իսկ Սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ որ Բանակը կը շարունակէ հետապնդել ապստամբ խմբաւորումներուն : Հալէպի Դանա գիւղը Բանակը յայտանաբերած է զինեալներու թաքստոցը եւ մեծ վնասներ հասցուցած անոնց :
Երէկ երեկոյեան Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդած , որ անցնող երկու օրերուն Դամասկոսի մէջ ծանր իրադարձութիւն չէ արձանագրուած, բացի Հարասթա եւ Տումա արուարձաններուն մէջ, ուր կը շարունակուին բախումները սուրիական բանակին եւ զինեալներուն միջեւ:
Միւս կողմէ( ըստ սուրիական աղբիւրներուն) մայրաքաղաքի հիւսիսային շրջանին, մանաւանդ Ժոպար, Քապուն եւ Պարզէ շրջաններուն մէջ զինեալ գործողութիւնները աւարտած են եւ այդ արուարձանները անցած են սուրիական բանակի վերահսկողութեան տակ:








All the contents on this site are copyrighted ©.