2012-10-01 13:19:33

Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու Համահաւաք Դասի Խորհուրդը Սուրբ Պատարագով Եզրափակեց Իր Նիստերը։


Կիրակի 30 սեպտեմբեր 2012-ին առաւօտեան 9.30-ին Զուիցրիոյ Սան կալ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի խորհուրդի նիստի աւարտին, տեղի ունեցաւ Ազգերու Համար Սուրբ Պատարագ նախագահութեամբ Սան Կալ թեմի առաջնորդին՝ գերապայծառ Պիւշէլլիի։ Նշենք որ Եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի խորհուրդը իր ժողովը գումարած էր 27 - 30 սեպտեմբեր Սան Կալի մէջ, թեմի աւետարանութեան, իրլանտացի վանական սուրբ Կալի կողմէ, 1400-րդ ամեակի առթիւ։
Իր արտասանած քարոզին մէջ Գերապայծառ Պիւշէլլի վեր առաւ Սուրբ Կալի կենցաղը որ վկայութիւն է թէ եկեղեցին աշխարհականացած աշխարհի մը մէջ տակաւին իր դերը կը պահպանէ - ըսաւ Ան - ընդգծելով թէ շատ մարդիկ արժեգներու ծարաւը ունին։
Պելկիոյ եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահ` գերապայծառ Անտրէ Ժոզէֆ Լէոնարտ նիստերու ընթացքին ունեցած իր ելոյթով յայտնած էր թէ եւրոպան պէտք ունի մարգարեներու։ Եւորպան այսօր կ՛ապրի տնտեսական, քաղաքական եւ դրամային տագնապ մը ասոնց կից կայ նաեւ բարոյական եւ հասարակական տագնապ մը որուն հետեւանքով եւրոպան վտանգի կ'ենթարկէ իր իսկ մշակութային ժառանգութիւնը - ըսած է գերապայծառ Լէօնարտ - ընդգծելով թէ եւրոպան պէտք ունի մարգարեներու ու ներկայացնելով Էտիթ Շթայն կրօնաւորուհիի սրբակենցաղ օրինակը։ Գերապայծառ Լէոնարտը ապա անդրադարձաւ երիտասարդներուն մասին հաստատելով թէ անոնք պէտք ունին սրտի խօսող իրողութիւններու ու ապա մատնանշեց կնոջ կարեւոր դերին եկեղեցւոյ ու հասրակական կեանքէն ներս նա մանաւանդ դաստիարակչական գետնի վրայ հաստատելով թէ առանց կիներուն եկեղեցին կրնայ նոյնիսկ փակել իր գործունէութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.