2012-09-29 11:51:11

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Հրաժեշտ Կ՛առնէ Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Պալատէն։


Ուրբաթ 28 սեպտեմբերի յետ միջօրէին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը հրաժեշտ առաւ Գասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական պալատի անձնակազմէն իսկ այսօր շաբաթ 29 սեպտեմբերի առաւօտեան Զուիցերացիներու Սրահին մէջ ընդունեց Գասթել Կանտոլֆոյի հասարակութիւնը անոնցմէ հրաժեշտ առնելու համար ի պատրաստութիւն վատիկան վերադարձին։

Քահանայապետական Պալատի անձնակազմի ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ուզեց իր երախտագիտութիւնը յայտնել բոլորին, անոնց ժրաջան աշխատանքի եւ նուիրումի համար։ Ան ապա նշեց յառաջիկայ իր գործունէութիւնները որոնցմէ առաջինը Լորէթոյի Սրբավայրի այցելութիւնն է ու ապա Նոր աւետարանցումի մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը ու նաեւ վատիկաեան տիեզերական Բ ժողովի 50րդ տարեդարձի նշումը ու Հաւատոյ տարւոյն բացումը զօր հռչակեցի - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - որպէսզի ամէն մարդուն օգնէ իր սիրտը եւ իր կեանքը բանալու Յիսուսի մէր Տիրոջ ու փրկութեան Խօսքին։ Ձեր աղօթքներուն կը վստահեցնեմ այս եկեղեցական կարեւոր հանգրուանները ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա յայցեց Տիրամօր բարեխօսութիւնը որ պահպան կանգնի ամէնուն ունեցուկ ըլլայ իրականացնելու համար սրտի բարի փափաքները։

Շաբաթ առաւօտեան ընդունելով Գասթել Կանտոլֆոյի հասարակութիւնը Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւն յայտնեց ամառնային պալատի մէջ իր անցուցած շրջանին որ եղաւ <<ուսումնասիրութեան, աղօթքի եւ հանգստեան>> շրջան մը։ Սրբազան հայրը ողջունեց Ալպանոյի եպիսկոպոսը, Գասթել Կանտոլֆոյի ժողովրդապետը, կրօնաւոր հասարակութիւններն ու աշխարհականները զանոնք հրաւիրելով շարունակել իրենց հոգեւոր մօտիկութիւնը ցուցաբերելու իրեն եւ քաջալերելով զանոնք յարատեւելու Քրիստոսի եւ Աւետարանի ծառայութեան մէջ։

Պենետիկտոս ԺԶ շնորհակալական խօսք մըն ալ ուղղեց Գասթել Կանտոլֆոյի քաղաքական իշխանութիւններուն անոնց վստահեցնելով իր աղօթքները ու ապա յատուկէն ողջունեց Վատիկան Պետութեան սպասարկութիւններու անձնակազմը յայցելով որ Աստուած վարձատրէ անոնց գործը Աստուածային պարգեւներով ու պահպանէ անոնց ընտանեկան պարագաները։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, շնորհակալ եմ ձեր ներկայութեան համար - ըսաւ սրբազան հայրը խօսքը եզրափակելով ու աւելցնելով- յիշելու լաւագոյն ձեւը աղօթքն է եւ ես ձեզ միշտ պիտի յիշեմ աղօթքներուս մէջ ու յոյս ունիմ որ դուք ալ նոյնը ընէք փոխադրաձ կերպով։ Ապա Սուրբ Կոյս մարիամին յանձնեց` դէպի ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն ուղեւորութիւնը` ու ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.