2012-09-29 11:56:47

Կոմիտասեան Գեղարուեստական Բացառիկ Երեկոյ Մը՝Սան Ֆրանսիսքոյի Մէջ։


Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան, տեղի ունեցած է երաժշտական աննախընթաց ձեռնարկ մը, նուիրուած ՀԱՅ ազգային դասական երաժշտութեան հիմնադիր, մեծանուն երաժիշտ Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործութիւններուն:
Երգահանդէսը տեղի ունեցած է Կիրակի, Սեպտեմբեր 23ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» հայ կեդրոնի, «Սարոյեան» սրահին մէջ: Հանդիսութեան ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան, Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հովիւ՝ Յովէլ քհնյ. Օհանեան, Հայ աւետարանական Գողգոթա եկեղեցւոյ հովիւ՝ վեր. Ներսէս Պալապանեան, գաղութի մէջ գործող պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ու շուրջ 300 երաժշտասէրներ, որոնք գացած էին ըմբոշխնելու Կոմիտաս վարդապետի հիանալի երգերն ու երաժշտութիւնը:

Ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցած ու հանդիսութիւնը վարած է տաղանդաշատ հանդիսավարուհի Ռուպինա Գասպարեան: Ան պատշաճ կերպով ներկայացուց արուեստագէտներու խումբն ու իրենց գեղարուեստական ղեկավարը՝ երաժշտագէտ Արթուր Գրիգորեանը, միաժամանակ մաղթելով ներկաներուն կոմիտասեան երգերու հաճելի ու վայելքի երեկոյ մը:
Յայտագիրը՝ «Կոմիտաս, Եկել Եմ» անուան տակ, ներկայացուեցաւ Հայաստանի երգի ու պարի պետական թատրոնի սաներէն կազմուած վեցեակի մը (3 երգիչ ու 3 երգչուհի երիտասարդներ) կողմէ, որուն անդամները լաւապէս օժտուած էին հաղորդական ձայնով եւ խորապէս թափանցած՝ Կոմիտասի երգարուեստին: Վեցեակին մաս կը կազմէին Անոյշ Պաղտատլեան, Նարէ Գրիգորեան, Միլենա Մելիքեան, Ռուսլան Էլէազեան, Ռոպերթ Մանուկեան, Գրիգոր Կէօքճեան, խմբավարութեամբ՝ երաժիշտ յօրինող Արթուր Գրիգորեանի:
«Կոմիտաս, Եկել Եմ» համերգի երաժշտական ներկայացումը սկիզբ առած է անմահն Կոմիտասի գլուխ գործոցներէն՝ «Մոկաց Միրզէն»ով ու շարունակուած «Շողեր æան»ով, «Հով Արէք», «Էրւում Եմ»ով, «Կրունկ»ով, «Խնկի Ծառ»ով, «Գարուն Ա»ով ու Կոմիտասի շուրջ 20 ստեղծագործութիւններով, մերթ մեներգներով ու մերթ խմբական կատարմամբ. Յայտագիրի ընթացքին դաշնակով կ՝ընկերակցէր, վարպետը՝ երաժշտագէտ-խմբավար Արթուր Գրիգորեանը:

Հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս վարժ է լսելու Կոմիտաս վարդապետին ստեղծագործութիւնները դասական ձեւով: Այս երգահանդէսը սակայն կը տարբերէր դասականէն ՝՝ոճային՝՝ տարբերակով մը: Ան վերածուած էր աւելի ժողովրդային, ճազային ու էսթրատայինի, ու յաճախ ռնգային ձայներու նոր ու արդիական ոճով ներկայացումի մը՝ բացառիկ ոգեւորութիւն ստեղծելով: Անոնք հաճելի էին ու խանդավառութեամբ ընկալուեցան երաժշտասէր հասարակութեան կողմէ: Համերգի գեղարուեստական ղեկավարը՝ Արթուր Գրիգորեան, հետեւեալ ձեւով կը մեկնաբանէ ձեռնարկին ճազային այս երեւոյթը. «Կոմիտասին չպէտքէ տեսնել միայն տխուր ու թախծոտ: Նա շատ կենսուրախ եւ հումըրով է եղել, եւ իր ամբողջականութեամբ պէտք է հասանելի ու ընկալելի լինի նոր սերունդներին: Ես Կոմիտասին ներկայացրել եմ իմ ընկալմամբ՝ բազմապիսի գոյներով, որոնք կան մեծ դասականի ստեղծագործութիւններում: Կարծում եմ, իւրաքանչիւր հայ իր մէջ պէտք է որոնի ու բացայայտի իր Կոմիտասին, որ կայ բոլորիս մէջ, քանզի նրա ստեղծագործութիւնների աղբիւրը հէնց հայ ժողովուրդն է»:

Ձեռնարկի աւարտին հանդիսականները առիթը ունեցած են մօտէն ծանօթանալու ու իրենց շնորհաւորանքները փոխանցելու վաստակաշատ գեղարուեստական ղեկավար Արթուր Գրիգորեանին ու երգիչ-երգչուհիներուն, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:







All the contents on this site are copyrighted ©.