2012-09-28 11:43:55

Միքայէլ,Գաբրիէլ ու Ռաֆայէլ Հրեշտակապետերու Տօնը՝ Ռատիօ Վատիկանի Մէջ։ (Պաշտպան Սուրբերը Քահանայապետի Հաղորդակայանին) ։


Ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս 29 Սեպետմբերին Ռատիօ Վատիկանի անձնակազմը ու տնօրէնութիւնը կը յիշատակէ Միքայէլ ,Գաբրիէլ ու Ռաֆաէլ Հրեշտակապետերու Տօնը( Պաշտպան Սուրբերը Հաղորդակայանին) յատուկ հանդիսութեամբ Ռատիօ Վատիկանի մէջ։ Առաւօտեան ժամը 9.00ին( Իտալիոյ ժամով) տեղի կ՝ունենայ Սուրբ Պատարագ Ռատիօ Վատիկանի Բալացցօ Բիօ անուան Ռատիոկայանի Մատրան մէջ, գլխաւորութեամբ Գերապայծառ Անճէլօ Պէչչու-ի փոխանորդ Վատիկանի Պետական քարտուղարութեան։ Իսկ Սուրբ Պատարագէն ետք շէնքի,այն է Բալացցօ Բիօ-ի մուտքի յարկը գտնուող Իտալացի գիւտարար եւ Վատիկանի Ռատիոյի հիմնադիր Մարքոնիի անուան նուիրուած մեծ սրահին մէջ տեղի կ՝ունենայ Քահանայապետական պատուանշաններու տուուչութեան արարողութիւնը,յետ տնօրէններու զեկոյցներուն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.