2012-09-28 12:21:15

«Մեր Արեւմուտքցի Գործընկերները Սուրիոյ Մէջ Ալ Քաոս Կը Ստեղծեն» Կ՛ըսէ Փութին ։


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ արեւմուտքցիները Սուրիոյ մէջ ալ «քաոս» կը ստեղծեն եւ հակառակ Ռուսիոյ զգուշացումներուն «չեն կրնար դադրիլ»:
Փութին յայտարարեց, որ «շարք մը շրջաններու մէջ քաոս արդէն ստեղծեցին, իսկ ներկայիս այլ երկիրներու նկատմամբ, մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ, նոյն քաղաքականութիւնը կը վարեն»:
Ռուսիոյ նախագահը աւելցուց, որ «իսկապէս ըսինք, որ զգուշութեամբ պէտք է շարժիլ եւ որեւէ բան բռնի ուժով պէտք չէ պարտադրել, այլապէս քաոսի տարածման պատասխանատու պիտի նկատուիք, իսկ այսօր ի՞նչ կը տեսնենք: Կացութիւնը քաոսի շատ կը նմանի»:
Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին քաղաքական ապաստան պիտի չտրամադրէ:
Ռուսական «Ռոսիսքայա կազեթա» թերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստը լքած է, նախքան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի ելոյթը: Վերջինս ներկայացուցած է Սուրիոյ տագնապի հարցին նկատմամբ Ռուսիոյ տեսակէտը, սակայն մինչ այդ Քլինթըն ցուցադրաբար դահլիճէն դուրս եկած է եւ չէ լսած ելոյթը:
Օրաթերթը կը նշէ, որ ըստ պաշտօնական տուեալներու, Քլինթըն դուրս եկած է հերթական երկկողմ հանդիպում ունենալու համար, սակայն որովհետեւ Ապահովութեան խորհուրդի մասնակիցները նախապէս տեղեակ եղած են ելոյթներու յաջորդականութեան մասին, Քլինթըն կրնար փոխել իր օրակարգը: Այսինքն, եթէ ան ուզեր Մոսկուայի տեսակէտը լսել, անոր արարողակարգային ծառայութիւնը պիտի կարենար տեղափոխել երկկողմ հանդիպումը, սակայն չէ յետաձգած:
Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճիւլիօ Թերզի յայտնեց, որ «երկու շաբաթ առաջ արաբական երկիրներուն կողմէ առաջարկուած` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի երկրէն հեռացման ռազմավարութեան մանրամասնութիւններուն շուրջ քննարկում տեղի կ՛ունենայ»:
Ան նշեց, որ «սուրիական ընդդիմութեան անցեալ հինգշաբթի տեղի ունեցած ժողովը ցոյց տուաւ, որ անիկա աւելի միակամ եւ աշխուժ կերպով կը գործէ»:
ՄԱԿ-ի գաղթականներու գործակալութեան յանձնախումբը յայտարարեց, որ «մինչեւ ներկայ տարեվերջ շուրջ 700 հազար սուրիացիներ երկիրը փոթորկող դէպքերուն պատճառով կրնան իրենց երկրէն փախուստ տալ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.