2012-09-27 12:45:19

Փիլիպեան Կղզեախումբի Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի Կոչը Մարմանվաճառութեան Դէմ` <<Օգնութեան հասնիլ արդի ստրկութեան զոհերուն>>։


Փիլիպեաններու եպիսկոպոսական համահաւաք դասը կոչ ուղղած է մարմանվաճառութեան դէմ զայն որակելով արդի ստրկութեան երեւոյթ մը։ Իր այս կոչով Փիլիպեան եկեղեցին կը յուսայ սահմանափակել մարդկային էակներու մարմնավաճառութիւնը, որուն զոհ են մանուկները, երախաներն ու կիները։ Եպիսկոպոսները, իրենց ուղղած պատգամին մէջ, կը հրաւիրեն հաւատացեալները գիտակցելու մարմնավաճառութեան շտապ հարցին ու դրականօրէն օգնութեան հասնելու այս արդի ստրկութեան զոհերուն։ Փիլիպեաններու եպիսկոպոսական համահաւաք դասը կը մատնանշէ որ մարդկային էակը վաճառելիք իր մը չէ որ կը տեղափոխուի ու ծախու կը դրուի։ Եպիսկոպոսները պետութենէն կը խնդրեն որ հարկաւոր կարգադրութիւններ որդեգրէ ձերբակալելու եւ դատապարտելու շահագործները։








All the contents on this site are copyrighted ©.