2012-09-27 12:42:31

Զուիցերիոյ մէջ Ազգային Յոբելեան Մը Վերակոչելու Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովի Բացման` 50-րդ Տարեդարձը։


Տիեզերական ժողով մը մեր ժամանակակից եկեղեցւոյ համար։
50 տարի առաջ 11 հոկտեմբեր 1962, երջանկայիշատակ Յովհաննէս 23-րդ Քահանայապետը բացումը կը կատարէր Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովին։ Զուիցերիոյ Եկեղեցին մտադիր է զանազան նախաձեռնութիւններով վերակոչել Վատիկանեան Բ. Տիեզերական այս ժողովը, որուն շնորհիւ վճռական քայլեր առնուեցան ներկայ եւ ապագայ Եկեղեցւոյ համար։
Զուիցերիոյ եպիսկոպոսները յառաջիկայ 11 հոկտեմբերին Պերն հրաւիրած են բոլոր թեմերու ներկայացուցիչները մասնակցելու վերակոչումի բացման արարողութեան։ Յոբելեանի հանդիսութիւններու շարքը վերջ պիտի գտնէ 5 դեկտեմբեր 2015-ին վերակոչելով Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովին փակման 50-րդ տարեդարձը։ Կազմակերպիչներուն նպատակն է վերապրիլ հաւատքը վերակենդանացնելով, վերակարդալով ու խորհրդածելով ժողովին վճիռներուն եւ վաւերագիրերու մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.