2012-09-26 11:58:56

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։
Տէրը մեզի աղօթել կը սորվեցնէ


Չորեքշաբթի 26 սեպտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 10.30 Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց հոն համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնները Սրբազան Հայրը այսօր անդրադարձաւ ծիսակատարութեան կարեւորութեան որպէս <<աղբիւր>> եւ <<միջավայր>> աղօթքի մէջ աճելու համար։
Սուրբ զոհի արարողութիւնը առանձնայատուկ վայր մըն է ուր Աստուած կը խօսի մեզմէ ամէն մէկուն հետ ու մեզմէ կը սպասէ պատասխաններ - ըսաւ Նորին Սրբութիւն - ու մեկնելով Կաթողիկէ եկեղեցւոյ քրիստոնէականի վարդապետութենէն ու ի տես Հաւատոյ տարիի հռչակման մեկնաբանեց ծիսակատարութեան իմաստը որ է <<ժողովուրդներու ծառայութիւն ի սպաս ժողովուրդին>>։ Քրիստոնէական վարդապետութիւնը կը յայտնէ թէ քրիստոնէական աւանդութեամբ <<ծէս>> բառը կը նշանակէ թէ ժողովուրդը կը մասնակցի Աստուծոյ գործին մինչ վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովը կ՛աւելցնէ թէ << ծիսակատարութեան միջոցաւ Քրիստոս` մեր փրկիչը, կը շարոունակէ իր եկեղեցւոյ մէջ, անոր հետ ու անոր միջոցաւ, փրկչագործութեան իր գործը>>։Ասոր մէջ կը կայանայ հրաշալիքը. Ծէսին մէջ Աստուած է որ կիրարկէ ու մենք ներքաշուած ենք Աստուծոյ այս գործէն>>։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ապա մեկնաբանեց Սուրբ Զոհի զանազան հանգրուաններու իմաստը անդրադառնալով հաւատացեաներու գործոն մասնակցութեան ու եզրափակելով որ մեր սիրտը պէտք է բացուի Աստուծոյ խօսքին անորմէ ընկալելու ուղեցոյցը որ դէպի Աստուած կ՛առաջնորդէ ։ Աստուած նոյնինքն մեզի աղօթել կը սորվեցնէ, ինչպէս կ՛ըսէ Սուրբ Պօղոս - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ու հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու որպէսզի գիտակից ըլլան թէ ծիսակատարութիւնը Աստուծոյ ու մարդոց ներդաշնակ գործադրումն է։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ գտնուող հաւատացեալները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն զանոնք հրաւիրելով հետեւելու Սուրբ Քոզմիոս ու Տամիանոս բժիշկներու օրինակին ու ապա բոլորին ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը







All the contents on this site are copyrighted ©.