2012-09-26 11:45:10

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Աշխատանքերը։ Պարաք Օպամա «Իրանի Հիւլէական Զէնք Ձեռք Բերելուն Արգելք Հանդիսանալու Համար Պէտք Եղածը Պիտի Ընենք։ ՝՝Եւ Ոչ-Բռնութիւն Սուրիոյ Մէջ՝՝ ։


Երէկ Նիւ Եորքի մէջ ընթացք առաւ ՄԱԿ-ի 67-րդ Ընդհանուր ժողովը: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա խօսք առնելով յայտնեց, որ «Իրանի հիւլէական զէնք ձեռք բերելուն արգելք հանդիսանալու համար պէտք եղածը պիտի ընենք»: Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններէն վեց շաբաթ առաջ ան յայտնեց, որ հիւլէական զէնքի տէր Իրան մը «մարտահրաւէր մըն է, զոր կարելի չէ վերահսկողութեան ենթարկել»:
Ապա Օպամա դատապարտեց հակաիսլամական «քարշելի» ժապաւէնը` զայն նկատելով «ՄԱԿ-ի իտէալներուն դէմ յարձակում մը»:
Ան յարգանքի տուրք մատոյց Պենկազիի մէջ սպաննուած ամերիկացի դեսպանին` մարտահրաւէր յղելով ՄԱԿ-ին, որպէսզի հաստատէ, որ «մեր ապագան Քրիսթըֆըր Սթիվընզի նման մարդոց կողմէ պիտի վճռուի եւ ոչ թէ զինք սպաննողներուն»: «Այսօր պէտք է յայտարարենք, որ այս բռնարարքը եւ անհանդուրժողականութիւնը ՄԱԿ-ին մէջ տեղ չունին», ըսաւ ան:
Ան ըսաւ, որ «Իսլամներուն անմեղութիւնը ժապաւէնին հետ կապ չունինք, սակայն մեր սահմանադրութիւնը խօսքի ազատութիւնը կը յարգէ»` նշելով, որ «իրենց կրօնը ապրող իսլամները կը յարգենք, սակայն մեր սահմանադրութիւնը խօսքի ազատութիւնը կը յարգէ, թէեւ ատելութիւն եւ բռնարարք սերմանող խօսքերուն չենք զօրակցիր»:
Օպամա ընդգծեց, որ ան որ իսլամութեան վարկաբեկումը կը դատապարտէ, պէտք է նաեւ եկեղեցիներու քանդումն ու հրէական ողջակիզումի ժխտումը դատապարտէ:

Իսկ խօսելով Սուրիոյ հարցին մասին` Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըսաւ, որ ՝՝Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը պէտք է վերջ գտնէ եւ ժողովուրդի իշխանութեան առջեւ ճամբայ բացուի : «Սուրիոյ ապագան պէտք չէ իր ժողովուրդը սպաննող բռնատէրի մը ձեռքը ըլլայ»(ընդգծեց Օպամա):








All the contents on this site are copyrighted ©.