2012-09-26 11:41:09

Էջ մը Հայ Մատենագրութենէն։
Խոսրով Անձեւացի


Խոսրով ծնած է 890-900 թուականներուն միջեւ եւ եղած է նախապէս բարեպաշտ աշխարհական մը, եւ ունեցած է երեք որդիներ, Յովհաննէս, Սահակ եւ Գրիգոր։ Իր տիկնոջ վաղահաս մահուընէ ետք` երեք փոքրիկները յանձնած է իր կնոջ հօրեղբօր` Անանիա Նարեկացիին, որ աբբահայրն էր Նարեկայ վանքին։ Հոն անոնք ստացած են ուսում եւ բարեպաշտութիւն եւ իրենցմէ մին` Գրիգորը դարձած է մեր ամենամեծ հոգեւորականներէն մին, Գրիգոր Նարեկացին, գրելով "Մատեան Ողբերգութեան" կոչուած նշանաւոր աղօթագիրքը։
Խոսրով, իր որդիները յանձնելէ ետք Նարեկայ վանքին, ինք եւս կրօնաւոր դարձած է եւ 950 թուականին արդէն զինք կը տեսնենք եպիսկոպոս Անձեւացեաց գաւառին։ Շատ բեղուն գրիչ մը ունեցած է որպէս մեկնաբան եւ սակայն թիրախ դարձած է շատ մը հակառակութիւններու եւ ամբաստանութիւններու. Ասոր համար ալ Անանաիա Մոկացի կաթողիկոսը իրմէ խնդրած է ճշմարիտ հաւատոյ դաւանութիւն. Ըստ ոմանց նոյնիսկ նզովքի արժանացած է նոյն կաթողիկոսին կողմէ։
Սակայն Խոսրով միշտ անվախօրէն դաւանած է ճշմարիտ կրօնը. Ոմանք զինք հռոմէադաւան անուանած են, ուրիշներ Թոնդրակեցի, եւ սակայն իր գրուածքներուն մէջ կ՛երեւի անշեղ վարդապետութիւնը Քրիստոսի եւ, ինչպէս պիտի տեսնենք, իր Պատարագի Մեկնութիւնը մեր հայ Եկեղեցւոյ գլուխ գործոցներէն մին կը հանդիսանայ։
Խոսրով հաւանաբար վախճանած ըլլայ մօտաւորապէս 964 թուականին։
Իր յիշատակելի գրութիւններն են.
Ժամագրքի մեկնութիւն – Ժամերգութիւնը աղօթքն է Եկեղեցւոյ առ Աստուած. Ինչպէս որ զգուշութեամբ եւ յարգանքով կը խօսինք թագաւորներու եւ իշխաններու հետ, եւս առաւել, աղօթքի ժամանակ, երբ մեր խօսքը կ՛ուղղենք առ Աստուած, հարկ է ըլլալ զգոյշ, մտադիր եւ արթուն։ Գրուած է պարզ եւ ժողովուրդէն հասկնալի լեզուով մը, սակայն լի է ընտիր բացատրութիւններով եւ հեղինակը կը ցուցաբերէ ընդարձակ հմտութիւն մը Սուրբ Գրքի եւ Եկեղեցւոյ Վարդապետներուն։
Մեկնութիւն Խորհրդոյ Սուրբ Պատարագի
Իր տեսակին մէջ առաջին գրութիւնն է այս Սուրբ Պատարագի մեկնութիւնը, որ կը կանխէ Լամբրոնացիինը։ Ան ստանձնած է այս գրութիւնը ոչ թէ իր անձին փառքին համար – ինչպէս կը գրէ – այլ որովհետեւ, որպէս եպիսկոպոս` շատ մը հաւատացեալներու մէջ կը տեսնէ ահաւոր տգիտութիւն մը այս նիւթին, այսինքն պատարագի իմաստին շուրջ։ Իր այս գրութեան առաջին գրչագիրներէն մին եղած է իր իսկ որդին` Սահակը, որ կ՛ընէ գովասանքը Մեկնութեան, ոչ որովհետեւ Խոսրով իր հայրն է ըստ մարմնոյ, այլ անոր մէջ կը տեսնէ իսկական սնունդ մը հոգեւոր զոր հայրապետը կու տայ իր հօտին եւ բոլոր կրօնասէր անձերուն։
Ուրիշ մէկ երկասիրութիւն մըն ալ կայ որ կը կոչուի Բանք Երանելւոյն Խոսրովայ, որ հայրապետին մէկ քարոզն է։
Իր գրութիւններուն մէջ Անձեւացին ինքզինք կը յայտնաբերէ որպէս աստուածասէր հոգի մը եւ կիրթ միտք մը. Քաջատեղեակ է մասնաւորապէս յոյն մեծ վարդապետնեու բոլոր գրութիւններուն. Յայտնի կերպով ան կ՛ուզէ մղել հաւատացեալը սրբացնելու ինքզինք, խորապէս հասկնալով եւ ըմբռնելով ամենօրեայ իր արտասանած աղօթքները։ Իսկական հովուապետ մըն է ան որ հոգը ունի իրեն յանձնուած հօտին։
Խոսրով Անձեւացի Եպիսկոպոսը մեր լաւագոյն մեկնաբաններէն մին է։








All the contents on this site are copyrighted ©.