2012-09-26 12:06:37

Ազգերու Համար Պատարագ Կը Մատուցուի Զուիցերիոյ Սան Կալ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ։


Զուիցերիոյ մէջ, 27-30 սեպտեմբեր տեղի կ՜ ունենայ Եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի խորհուրդի նիստը։ Մասնակցողները պիտի բանակցին Եւրոպայի ցամաքամասի հոգեւոր եւ ընկերային ուղղութիւններու մասին ու ներկայ հրատապ հարցերուն շուրջ ինչպէս աշխարհին մէջ քրիստոնէութեան դէմ հալածանքները, կրօնական ազատութիւնը, եւրոպայի իքնութիւնը, հաւատոյ տարին եւայլն։ Նիստերուն ներկայ կը գտնուի եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչ կարդինալ Մարք Ուելլէն։ Եւրոպայի եպիսկոպոսներու ժողովը կ՛ եզրափակուի Սան Կալի ազգերու պատարագով, որ տեղի կ՛ունենայ 30 սեպտեմբերին եւ զոր պիտի գլխաւորէ ու քարոզէ Սան Կալ թեմի առաջնորդը՝ գերապայծառ Պիւշէլլի։ Անոր հետ կը համապատարագեն բազմաթիիւ կարդինալներ, արքեպիսկոպոսներ ու եպիսկոպոսներ, եկած՝ Եւրոպայի զանազան թեմերէն։
Եւրոպայի եպիսկոպոսներու խորհուրդին կը մասնակցին Եւրոպայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ բոլոր թեմերու ներկայացուցիչները. Լիզբոնէն՝ Մոսկուա եւ Սթոքհոլմէն՝ Մալդա, ինչպէս նաեւ պատուիրակութիւններ Արեւելեան Եւրոպայէն, Լատին Ամերիկայէն ու Ափրիկէէն։
Յայտնենք որ հոգեւորականներու նման հաւաք մը, (բացի 1449-ի Պազիլեայի ժողովէն) Զուիցերիոյ մէջ երբեք չէր կատարուած, արդ վերոյիշեալ ժողովը պատմական դէպք մը կը նկատուի։
Սան Կալի թեմը այս տարի կը տօնախմբէ իրլանտացի վանական Կալին Զուիցերիա հասնելուն 1400-րդ ամեակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.