2012-09-25 11:39:24

Փաքիստանի Մէջ Հրդեհ՝ Եկեղեցիի Մը Դէմ, Մահմետական Ցուցարարներու Կողմէ։


«Մահմետականներու անմեղութիւնը» ֆիլմին ստեղծումին ու տարածումին դէմ։
Լուտերական եկեղեցի մը հրդեհուած է Փաքիստանի Մարտան քաղաքին մէջ, մահմետական ցուցարաներու կողմէ առ ի բողոք «Մահմետականներու անմեղութիւնը» ֆիլմին ստեղծումին ու տարածումին, նաեւ՝ եկեղեցւոյ մօտ քրիստոնեաներու բնակարանները թալանուած են (կը հաղորդագրէ Ասիա եկեղեցի լրատու գործակալութիւնը)։
Եկեղեցւոյ փոխ նախագահը`Անդրէաս Մասիհ մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտարարած է . ՜՜ոչ տեղական կառավարութիւնը եւ ոչ ալ ոստիկանութիւնը օգնութեան հասան մեզի, եւ կը թուի ցուցարարները մտադրած էին մեզ կողոպտել՝՝։ Անոնք նախքան փախուստ տալը եկեղեցիէն այրեցին նաեւ Ս. Գիրքը։ Անդրէաս Մասիհ ընդգծեց որ ՜՜ նախ մենք փաքիստանցի ենք եւ ապա քրիստոնեայ, եւ ասոր համար կը դատապարտենք «Մահմետականներու անմեղութիւնը» ֆիլմին ստեղծողը ու տարածողը եւ յարգանք կը պահանջենք մեր մահմետական եղբայրներէն







All the contents on this site are copyrighted ©.