2012-09-25 12:21:45

Վալերի Պուայէ Կը Խոստանայ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Նոր Օրինագիծ Ներկայացնելը։


Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հեղինակ, երեսփոխան Վալերի Պուայէ խոստացած է նոր օրինագիծ ներկայացնել:
Թրքական լրատուամիջոցները` յղում կատարելով «Նուվել տ՛Արմենի» պարբերաթերթին, կը հաղորդեն, որ Պուայէ յայտարարած է, որ կը փափաքի աւարտին հասցնել սկսած գործը: «Օրինագիծը անգամ մը եւս խորհրդարանի օրակարգ պիտի մտցնեմ: Մենք տակաւին յոյս ունինք: Առայժմ կը հետեւինք, թէ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ պիտի կատարէ՞ խոստումը, թէ՞ ոչ:
Այսպէս արտայայտուած է աջակողմեան UMP,Սարքոզիի կուսակցութեան երեսփոխան Վալերի Պուայէ,անոր համար որ նախագահ ֆրանսուա Հոլլանտ Ընկերվարական Կուսացկութեան կը պատկանի։








All the contents on this site are copyrighted ©.