Արամ Ա. Կաթողիկոս Պատգամը Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 21-րդ Տարեդարձին Առթիւ։
Վեհափառը անդրադարձաւ նաեւ ՜՜Սուրիահայերուն՝՝ որոնք պայմաններու բերումով Լիբանան
եկած են։ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ կիրակի, 23 սեպտեմբերին,
սուրբ եւ անմահ պատարագին ընթացքին, նախագահութեամբ Արամ Ա Կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ
հանրապետական մաղթանք Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 21-րդ տարեդարձին առիթով։
Հանրապետական մաղթանքէն ետք խօսք առնելով վեհափառը ըսաւ. «Երկար դարերու տառապանքէ ու
հալածանքէ ետք 28 մայիս 1918-ին հայրենի մեր ժողովուրդը կերտեց իր անկախութիւնը: Դժբախտաբար
կարճ ժամանակ յետոյ Հայաստանը կորսնցուց իր անկախութիւնը եւ տասնամեակներ շարունակ ենթակայ
դարձաւ համայնավար վարչակարգին: 21 սեպտեմբեր 1991-ին Հայաստանը վերանկախացաւ շնորհիւ
մեր ժողովուրդի մարտունակ ոգիին ու գիտակից յանձնառութեան»: Ապա վեհափառ հայրապետը աւելցուց.
«Չի՛ բաւեր միայն անկախութիւն ունենալ. հիմնականը այդ անկախութիւնը պահելն ու զօրացնելն
է: Արդ, Հայաստանը կը պատկանի ամբողջ հայութեան, հետեւաբար Հայաստանի Հանրապետութեան
հզօրացումը իւրաքանչիւր հայուն պարտաւորութիւնն է: Հզօրացում ըսելով մենք կը հասկնանք
ժողովուրդին ամուր կապուածութիւնը հայրենիքին: Անոր կենսամակարդակի բարձրացումը, հայ
մշակոյթին ծաղկումը, պետական կառոյցներու ամրացումը, Հայաստանի արտաքին յարաբերութեանց
ծաւալումը, հայրենի մեր քաջարի բանակին ամրացումը, եւ այս բոլորը կարելի է իրագործել
մեր բոլորին ամբողջական մասնակցութեամբ` հայրենաշինութեան նուիրական գործին»: Ապա
վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն ըսաւ.
«Կը վերահաստատենք Մեր կոչը աջակցելու Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն:
Սուրիոյ հայութեան տագնապը համազգային հիմնահարց է, եւ այս գիտակցութեամբ հարկ է մօտենալ
անոր: Առանց խտրութեան անհրաժեշտ է օգնութեան ձեռք երկարել Սուրիոյ հայութեան, եւ ա՛յսօր,
վաղը կրնայ ուշ ըլլալ»: Ապա վեհափառ հայրապետը յիշեց, որ որոշ թիւով Սուրիայէն հայ ընտանիքներ
եկած են Լիբանան պայմաններու դժբախտ բերումով: Ան ըսաւ. «Սուրիոյ հայերը մեր եղբայրներն
ու քոյրերն են. անոնք մեր հիւրերը չեն: Ա՛յս գիտակցութեամբ պէտք է մօտենանք անոնց, եւ
մեր տուներուն, ակումբներուն, եկեղեցիներուն, գործատեղիներուն դռները լայնօրէն պէտք է
բանանք անոնց առջեւ` անոնց օգտակար դառնալու բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ:
Վստահ ենք, որ անոնք ժամանակաւորապէս պիտի հաստատուին Լիբանան, եւ անմիջապէս որ կացութիւնը
հանդարտի Սուրիոյ մէջ, պիտի վերադառնան իրենց տուներուն ու գործերուն` մասնակից դառնալու
Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի ու վերակազմակերպումի աշխատանքներուն»: Իր խօսքի աւարտին,
վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց Լիբանանի թեմի առաջնորդ սրբազանին, Ազգային իշխանութեան
ու բոլոր կազմակերպութիւններուն առաւելագոյն չափով օգտակար հանդիսանալու Սուրիոյ մեր
ժողովուրդի զաւակներուն: