«Օգնիր Եղբօրդ» Նախաձեռնութեան Կոչը Անարձագանգ ՉԷ Մնացած։
Սուրիահայ հայրենակիցներու աջակցութեան ուղղուած «Օգնիր Եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը
հետզհետէ կը տարածուի եւ կը ստանայ ՀԱՅ հասարակութեան ամենալայն շերտերու մասնակցութիւնը
: Հայ տասնեակ համաքաղաքացիներ, հայրենի մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ եւ գործարարներ
արձագանգած են սուրիահայ եղբայրներու եւ քոյրերու պատերազմի արհաւիրքի դէմ առանձին
չթողելու , նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար եղած կոչին: «Օգնիր
եղբօրդ» նախաձեռնութեան առաջինն է որ անդրադարձաւ եւ օգնութեան ձեռք երկարեց Արցախի
կառավարութիւնը` զգալի քանակութեամբ պարենամթերք տրամադրելով: Առաջին արձագանգողներու
շարքին են «ԿՐԱՆՏ ՀՈԼՏԻՆԿ», «ԱՇՏԱՐԱԿ ԿԱԹ» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնները, «ԱՐՏՖՈՒՏ»,
«ԱՐԹԻՄԵՏ» եւ «ԱԼԵՔՍ ԿՐԻԿ» սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւնները: Անոնց
ու այլ շարք մը բարերարներու յատկացումներով բեռնուած առաջին ինքնաթիռը շատ շուտով
կը մեկնի Սուրիա` դեղորայք եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարենամթերք հասցնելով մարդասիրական
աղէտի մէջ յայտնուած ՀԱՅ հայրենակիցներուն :