2012-09-25 12:25:41

«Ո՛չ Մէկ Անհատ Կամ Խմբաւորում Իրաւունք Ունի Արհամարհելու Ինչ Որ Ուրիշ Կրօնի Կողմէ Նկատուած Է Նուիրական» Կը Յայտարարէ Արամ Ա. Կաթողիկոս։


Արամ Ա. Կաթողիկոս իր մասնակցութիւնը բերաւ Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած Քրիստոնեայ-Իսլամ հոգեւոր պետերու հանդիպումին,որ կայացաւ 24 Սեպտեմբերին: Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ հայրապետը հետեւեալ հաստատումը կատարեց.
«Ո՛չ մէկ անհատ կամ խմբաւորում ինքնիրեն իրաւունք պէտք է տայ արհամարհանքի ենթարկելու այլ կրօններուն կողմէ նուիրական նկատուած անձեր, արժէքներ, սկզբունքներ կամ աւանդութիւններ: Նման մօտեցում խօսքի ազատութիւն չէ, այլ անպատասխանատու վերաբերում է նուիրական սկզբունքներու եւ բարոյական արժէքներու նկատմամբ: Կրօններու ուսուցումները, աւանդութիւններն ու արժէքները պէտք է յարգուին: Այլ խօսքով` փոխադարձ յարգանքը եւ վստահութիւնը պէտք է հիմքը ծառայեն կրօններու գոյակցութեան ու գործակցութեան: Հետեւաբար, Մենք խստօրէն կը դատապարտենք իսլամութիւնը արհամարհելու միտող ժապաւէնը եւ նմանօրինակ բոլոր քայլերը»:
Պքերքէի այս համագումարի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան այցելութեան, իր գնահատանքը յայտնեց ըսելով, որ «այցելութիւնը պատմական էր եւ յատուկ կարեւորութիւն ունէր Լիբանանի համար»:








All the contents on this site are copyrighted ©.