2012-09-24 12:34:56

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Երեքշաթի 25 սեպտեմբեր 2012-ին առաւօտեան ժամը 11.30-ին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս մը ներկայացնելու համար <<Ոչ Հաւատացեալներու Գաւիթ>> ձեռնարկի Ասսիզիի հանգրուանը (5 - 6 հոկտեմբեր 2012) որ ունի որպէս նիւթ <<Աստուած այս անծանօթը>>։ Մամլոյ ասուլիսը կը ներկայացնեն Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազի, Ասիզիի Սուրբ Վանքին մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Էնցօ ֆորթունաթօն եւ գրող Վինչէնցօ Չէրամին։


24 - 27 սեպտեմբեր Իտալիոյ կաթողիկէ եպիսկոպոսները Հռոմի մէջ գումարած են իրենց աշնանային նիստը որուն բացումը կը կատարէ իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի Նախագահ` Կարդինալ Անճէլօ Պանիասքոն։Ժողովի շօշափուած նիւթերու շարքին նշենք տարեցներու քրիստոնեայ կազմաւորումը. պատրաստութիւն 2015-ի ֆիրէնցէյի մէջ գումարուելիք եկեղեցական ազգային գիտաժողովին. կոչումներու հովութիւնը եւ իտալիոյ եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն յայող այլ նիւթեր։Ուրբաթ 28 սեպտեմներին առաւօտեան ժամը 12-ին, սիւնհոդոսի աւարտին, ռատիովատիկանի Մարքոնի անուան սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ եզրափակիչ հաղորդագրութեան ներկայացումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.