2012-09-24 12:44:10

Միացեալ Նահանգներ «Բաւարարուած Չեն» Սաֆարովի Հարցին Գծով Պաքուի Եւ Պուտափեշտի Բացատրութիւններէն


«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն 20 սեպտեմբերին տեղի ունեցած Եւրոպական քաղաքականութեան վերլուծութեան կեդրոնի «Միացեալ Նահանգներ-Կեդրոնական Եւրոպա ռազմավարական համախմբումի» ծիրին մէջ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ «բաւարարուած չեն» Պաքուէն ու Պուտափեշտէն Սաֆարովի հարցին գծով ստացած բացատրութիւններէն:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը ըսած է նաեւ, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ «մտահոգութիւն ու հիասթափութիւն» արտայայտել Պուտափեշտին` ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած Ռամիլ Սաֆարովը Պաքուին արտայանձնելու առիթով:
Կորտըն ըսած է, որ Ուաշինկթըն նոյն «պատգամը» կը յղէ նաեւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն, որոնք ներում շնորհած են Սաֆարովին ու բարձրացուցած անոր զինուորական կոչումը:
«Մենք ցնցուած ենք մեծարումէն անձի մը, որ սպանութեան համար դատապարտուած եղած է», աւելցուցած է Կորտըն: Ան Սաֆարովի գործը «շրջանին մէջ իսկական սադրանք» անուանած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.