2012-09-24 13:42:27

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 21-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ընդունելութիւն Պէյրութի Մէջ։


Հինգշաբթի, 20 սեպտեմբերի երեկոյեան, Հ Հ անկախութեան 21-րդ տարեդարձին առիթով Հ.Հ. դեսպանատունը կազմակերպեց ընթրիք հիւրասիրութիւն մը, Պէյրութի «Ֆէնիսիա» պանդոկին մէջ:
Ընդունելութեան ներկայ էին Լի բանանի նախագահի եւ վարչապետի խորհրդականներ, նախարարներ, խորհրդարանի անդամներ, օտար դեսպաններ, քաղաքական կուսակցութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ հայկական բոլոր կառոյցներու ղեկավարներ, հոգեւոր առաջնորդներ, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ։ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն սոյն ընդունելութեան մասնակցեցաւ գերապատիւ Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեան։
ՀՀ Դեսպան Քոչարեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ անկախութեան տարիներուն արձանագրուած ձեռքբերումներուն ու յաջողութիւններուն, ինչպէս նաեւ ան ներկայացուց Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան գերակայութիւններ եւ ներկայ մարտահրաւէրները:
Դեսպանը բարձր գնահատեց հայ-լիբանանեան երկկողմ բարեկամական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը` կարեւորելով հայ համայնքի դերակատարութիւնը երկու երկիրներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու խորացման գործին մէջ: Շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայկական բոլոր կազմակերպություններուն ու կառոյցներուն, անոնց ազգանուէր գործունէութեան, աջակցութեան եւ սերտ համագործակցութեան համար եւ ըսաւ. «Այսօր դուք կը սատարէք Հայրենիքին ձեր գիտելիքներով ու կարողութիւններով, գաղափարներով եւ ներդրումներով, կը ստանաք Հայաստանի քաղաքացիութիւն, կը շարունակէք նաեւ նպաստել բարեկամ Լիբանանի զարգացմանը եւ, ի հարկէ, հայ-լիբանանեան բարեկամական յարաբերություններու խորացմանը»:










All the contents on this site are copyrighted ©.