2012-09-24 13:21:29

Կիսասարկաւագի Աստիճանի Տուչութիւն Եղբ. Ղազար Պետրոսեանին, Զմմառու Արծիւեան Միաբանութենէն։


Կիրակի 23-Սեպտեմբերին, Զմմառու Վերափոխման Տաճարին մէջ, Սուրբ եւ Անմահ պատարագի ընթացքին, տեղի ունեցաւ Կիսասարկաւագական աստիճանի տուչութիւն Եղբ. Ղազար Պետրոսեանին, նախագահութեամբ Տէր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանի ու Միաբանութեան Մեծաւոր Հայր Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեանին։
Ներկայ էին հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներ ու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի նորընծայարանի ժառանգաւորները ինչպէս նաեւ խուռներամ բազմութիւն մը:

Ռատիովատիկանի Հայկական բաժնի անձնակազմը կը շնորհաւորէ Եղբ. Ղազարը մաղթելով իրեն բարի առաքելութիւն, եւ որ ան շուտով հասնի Քահանայական Սուրբ Օծումին.








All the contents on this site are copyrighted ©.