2012-09-24 12:27:46

Լիբանանի Երիտասարդները։ Սրբազան Քահանայապետի Յորդորագիրը Արդեն Տուաւ իր Պտուղները


Արտակարգ միջոցառում մը որ արդէն տուաւ իր պտուղները։
Մի քանի օր առաջ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի երիտասարդութիւնը պատմական հանդիպում մը ունեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին հետ, Անոր Լիբանան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին։ Երիտասարդական հաւաքի համադրող խումբի պատասխանատուն՝ Հ. Թուֆիք Ապու Հատիր ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է թէ՝ հանդիպումը օրհնաբեր եղած էր ու թէ բոլոր երիտասարդները վարակուած են հոն յատնաբերուած ուրախութենէն ու յոյսէն։
Անոնք համոզուած են որ նոր Պենտեկոստէ մը ապրեցան, Սուրբ Հոգիի իսկական ներկայութեամբ։ Հայր Թուֆիք անդրադառնալով Սրբազան Հօր ճառին հաստատեց թէ տպաւորիչ եղած է իսլամ երիտասարդներու ներկայութիւնը ու իսլամներու գործօն մասնակցութիւնը սրբազան հօր այցելութեան։
Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ <<քրիստոնեաներն ու իսլամները կրնան ապրիլ միասին առանց ատելութեան>> այս խօսքերուն վրայ այնտեղ գտնուող իսլամ երիտասարդները ոտքի կանգնեցան ու յուզումով ծափահարեցին։ Այս համակեցութիւնը այժմ մեզի համար մեծ մարտահրաւէր մըն է - ըսաւ Հայր Թուֆիք - ու ապա ակնարկեց Սրբազան Հօր արտասանած զանազան պատգամներուն զանոնք ամփոփելով հետեւեալ խօսքերուն մէջ, զոր արտասանած էր նաեւ ՅՊԲ երջանկայիշատակ Քահանայապետը, << Մի վրդովիք։ Բացէք ձեր մտքերուն ու ձեր սրտերուն դռները Քրիստոսի>>։ Այս է ահա Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի երիտասարդներուն թողած պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.