2012-09-23 10:26:55

Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահի Այցը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին


Ընդառաջելով Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հրաւէրին, 22 Սեպտեմբերին,Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ժամանեց Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը՝ կարտինալ Քուրտ Գոխ: Կարտինալին ուղեկցող պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Անդրկովկասի մէջ պապական նուիրակ Մարեկ արք. Սոլչինսկին, Քրիստոնէութեան Միասնութեան Աջակցութեան քահանայապետական Խորհուրդի քարտուղար Հ. Գաբրիէլ Քուիկ և պապական նուիրակի օգնական՝ Հ. Մանա Ժոզէֆ Մարամերեդդին:
«Զուարթնոց» օդանաւակայանը պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէնը՝ Տ. Յովակիմ եպ. Մանուկեան և Ծիսական հայեցակարգային գրասենեակի պատասխանատուն՝ Տ. Զաքարիա աբեղայ Բաղումեան:
Մէկշաբաթեայ այցելութեան ընթացքին կարտինալ Գոխ հանդիպումներ պիտի ունենայ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ու Արտգործ նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի հետ:
Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը պիտի այցելէ նաեւ Ծիծեռնակաբերդ Մատենադարան եւ զանազան սրբավայրեր, դասախօսութիւններով հանդէս պիտի գայ ԵՊՀ-ի Աստուածաբանութեան համալսարանի մէջ, և Սևանի Վազգէնեան Հոգևոր դպրանոցի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.