2012-09-23 12:53:40

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, Կիրակի 23 սեպտեմբերի կէսօրին Գասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցի պալատի մէջ արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը, ուր համախմբուած էին հազարաւոր ուխտաւորներ։
Աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնցուց ՜՜Յիսուսի՝՝ վրայ որպէս ՜՜Մեսիա՝՝ նաեւ խօսեցաւ ՜՜խոնարհութեան՝՝ առաքինութեան մասին։
Անցեալ կիրակի օրուայ աւետարանը կը խօսէր Յիսուսին իր աշակերտներուն ուղղած հարցումին թէ՝ դուք ո՞վ կը կարծէք որ ես ըլլամ, Պետրոս առաքեալ պատասխանած էր ՜՜Դուն ես Քրիստոսը։
Այսօրուան աւետարանը (Ս Մարկոսի) շարունակութիւնն է այս յայտնութեանց, աւետարանին մէջ յիշուած է Յիսուսի խօսքերը ուր ինք յայտնապէս կ՝ըսէ իր աշակերտներուն.. ՜՜Պէտք է որ մարդու Որդին շատ չարչարուի, մերժուի ծերերէն, քահանայապետներէն ու դպիրներէն, մեռնի եւ երրորդ օրը Յարութիւն առնէ։ Աշակերտները սակայն չէին հասկնար այս խօսքերը եւ կը վախնային անոր հարցնելէ...
Արդարեւ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Աւետարանի այս երկրորդ մասը կարդալով կը նշմարուի թէ դժուար էր աշակերտներուն, ՜՜հասկնալ Յիսուսը՝՝ տարբեր մտածողութիւն ունէին անոնք, Պետրոս սակայն անմիջապէս կը հասկնայ եւ մէկուսի տանելով Յիսուսը կը յանդիմանէ զինք...
Մարկոսի աւետարանին մէջ կը կարդանք նաեւ որ Յիսուսի աշակերտներէն Յակոբ եւ Յովհաննէս կը խնդրեն որ իրենք նստին Յիսուսի փառքին մէջ, մին աջ իսկ միւսը ձախ կողմը... Պէտք է հասկնանք որ (ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ) Աստուծոյ տրամաբանութիւնը տարբեր է մեր տրամաբանութենէն։ Ինչպէս կ՝ըսէ Տէրը Եսայի մարգարէի բերնով. ՜՜ Իմ մտածումներս ձեր մտածումները չեն եւ ձեր ճանապարհները իմ ճանապարհներս չեն՝՝ Ուստի հետեւելու համար Տիրոջ հարկ է խորապէս դարձի գալ, սիրտը բանալ լսելու Տիրոջ կամքը, լուսաւորուիլ ու ներքնապէս բարեփոխուիլ։

Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը եզրափակեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցելով, որպէսզի ան օգնէ մեզի ըլլալու խոնարհ։
Հայցենք վստահութեամբ՝ Մարիամէն որպէսզի ինք մեզի սորվեցնէ հաւատարմօրէն հետեւելու Յիսուսին, սիրոյ ու խոնարհութեան ճանապարհի վրայ...
Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, ապա զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները,ու բոլորին ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։
Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն ետք Նորին Սրբութիւնը, խօսեցաւ քահանայ Լուի Բրիսսոնի մասին որ երէկ երանելի հռչակուեցաւ ֆրանսայի Թրուա քաղաքին մէջ։
Շնորհակալութիւն յայտնելով Տիրոջ իր պարգեւած շնորհքներուն համար, շնորհաւորեց Թրուայի հաւատացեալները մաղթելով որ նոր երանելին լուսաւորէ բոլոր հաւատացեալներուն հոգին ու կեանքը......










All the contents on this site are copyrighted ©.